Աստվածաշունչը մեկ տարում Սեպտեմբեր 30Եսայիա 51:1-231. «Դո՛ւք, արդարութեան հետեւողներ, Տէրը փնտռողներ, ինծի մտի՛կ ըրէք. Այն վէմին նայեցէ՛ք, ուրկէ կոփուեցաք, Այն գուբին՝ ուրկէ հանուեցաք։2. Ձեր հօրը Աբրահամին Ու ձեզ ծնանող Սառային նայեցէ՛ք. Քանզի երբ մէկ հատ էր, զանիկա կանչեցի Եւ զանիկա օրհնեցի ու բազմացուցի։3. Վասն զի Տէրը Սիօնը պիտի մխիթարէ. Անոր բոլոր աւերակները պիտի մխիթարէ, Անոր անապատը՝ Եդեմի պէս, Անոր ամայութիւնը Տէրոջը դրախտին պէս պիտի ընէ։ Անոր մէջ ցնծութիւն եւ ուրախութիւն, Գովութեան եւ օրհնութեան ձայն պիտի գտնուի։4. Ո՛վ իմ ժողովուրդս, ինծի մտի՛կ ըրէ, Ո՛վ իմ ազգս, ինծի ունկնդրէ. Քանզի ինծմէ օրէնք պիտի ելլէ, Իմ իրաւունքս ժողովուրդներուն լոյս ըլլալու համար պիտի հաստատեմ։5. Իմ արդարութիւնս մօտ է, իմ փրկութիւնս ելած է։ Իմ բազուկներս ժողովուրդները պիտի դատեն. Կղզիները ինծի պիտի յուսան Եւ իմ բազուկիս պիտի ապաւինին։6. Աչքերնիդ վե՛ր վերցուցէք դէպի երկինքը, Վա՛ր նայեցէք դէպի երկիրը, Քանզի երկինք ծուխի պէս պիտի անցնի Ու երկիրը հանդերձի պէս պիտի մաշի։ Նմանապէս անոր բնակիչներն ալ պիտի մեռնին, Բայց իմ փրկութիւնս յաւիտենական պիտի ըլլայ Ու իմ արդարութիւնս պիտի չպակսի։7. Ինծի՛ մտիկ ըրէք, ո՜վ արդարութիւն ճանչցողներ Եւ իմ օրէնքս ձեր սրտին մէջ պահող ժողովուրդ. Մարդոց նախատինքէն մի՛ վախնաք, Անոնց բամբասանքէն մի՛ զարհուրիք։8. Վասն զի ցեցը պիտի ուտէ զանոնք հանդերձի պէս Եւ մեցը պիտի ուտէ զանոնք բուրդի պէս, Բայց իմ արդարութիւնս յաւիտեան պիտի մնայ Ու իմ փրկութիւնս ազգէ ազգ պիտի ըլլայ»։9. Արթնցի՛ր, արթնցի՛ր, ով Տէրոջը բազուկը, զօրութի՛ւն հագիր։ Արթնցի՛ր հին օրերուն պէս, Անցած դարերուն պէս։ Դուն անիկա չե՞ս, որ Ռահաբը ջարդեցիր Ու վիշապը վիրաւորեցիր։10. Դուն անիկա չե՞ս, որ ծովը, Մեծ անդունդին ջուրերը, ցամքեցուցիր, Ծովուն խորունկ տեղերը ճամբայ բացիր, Որպէս զի փրկուածները անկէ անցնին։11. Տէրոջը փրկածները պիտի դառնան Ու երգերով Սիօն պիտի գան։ Անոնց գլխուն վրայ յաւիտենական ուրախութիւն պիտի ըլլայ։ Անոնք ցնծութիւն եւ ուրախութիւն պիտի ստանան, Տրտմութիւնն ու հեծութիւնը անոնցմէ պիտի հեռանան։12. «Ե՛ս եմ, ե՛ս եմ, որ ձեզ կը մխիթարեմ։ Դուն ո՞վ ես, որ մահկանացու մարդէն Ու խոտի նմանող մարդու զաւկէն կը վախնաս։13. Քեզ՝ ստեղծող, երկինքները տարածող Ու երկրին հիմերը դնող Տէրը կը մոռնաս Ու բռնաւորին սրտմտութենէն ամէն օր կը վախնաս, Իբր թէ քեզ կորսնցնելու պատրաստուած է. Բայց հիմա ո՞ւր է բռնաւորին սրտմտութիւնը.14. Կապուածը շուտով պիտի արձակուի, Գուբին մէջ պիտի չմեռնի, Իր հացը պիտի չպակսի,15. Քանզի քու Տէր Աստուածդ ե՛ս եմ, Որ ծովը կը յուզեմ, այնպէս որ ալիքները կը գոռան։ Իմ անունս Եհովա Սաբաւովթ է։16. Իմ խօսքերս քու բերանդ դրի, Քեզ ձեռքիս հովանիովը ծածկեցի, Որպէս զի երկինքը հաստատեմ ու երկրին հիմերը դնեմ Եւ Սիօնին ըսեմ՝ ‘Դուն իմ ժողովուրդս ես’։17. Արթնցի՛ր, արթնցի՛ր ու ելի՛ր, ո՛վ Երուսաղէմ, Որ Տէրոջը ձեռքէն անոր բարկութեանը բաժակը խմեցիր, Թմրութեան բաժակին մրուրը քամելով խմեցիր։18. Անոր բոլոր ծնած որդիներէն՝ իրեն առաջնորդ չկայ Ու բոլոր մեծցուցած տղաքներէն՝ իրեն ձեռնտու չկայ։19. Երկու բաներ քեզի պատահեցան, Ո՞վ քեզի պիտի ցաւակցի. Կործանում ու կոտորած, սով ու սուր։ Քեզ ինչո՞վ մխիթարեմ։20. Քու տղաքդ նուաղած են, Փողոցներուն գլուխը կը պառկին Որոգայթի մէջ բռնուած յամոյրի պէս։ Անոնք Տէրոջը բարկութիւնովը, Քու Աստուծոյդ յանդիմանութիւնովը լեցուած են։21. Ուրեմն մտի ըրէ՛, ո՛վ ողորմելի, Որ արբած ես, բայց ոչ գինիէն.22. Այսպէս կ’ըսէ քու Եհովա Տէրդ Եւ քու Աստուածդ, որ իր ժողովուրդին դատը կը պաշտպանէ. «Ահա քու ձեռքէդ՝ թմրութեան բաժակը, Իմ բարկութեանս բաժակին մրուրը առի. Զանիկա անգամ մըն ալ պիտի չխմես։23. Զանիկա քեզ հարստահարողներուն ձեռքը պիտի տամ, Որոնք քու անձիդ կ’ըսէին՝ ‘Ծռէ՛, որպէս զի անցնինք’ Ու դուն կռնակդ՝ անցնողներուն համար՝ Գետնի պէս ու փողոցի պէս դրիր»։Եսայիա 52:1-151. Արթնցի՛ր, արթնցի՛ր, քու զօրութիւնդ հագիր, ո՛վ Սիօն. Քու փառաւոր հանդերձներդ հագիր, ո՛վ Երուսաղէմ սուրբ քաղաք. Քանզի անգամ մըն ալ անթլփատ ու պիղծ մէկը քու մէջդ պիտի չմտնէ։2. Փոշին քեզմէ թօթուէ՛, Ել նստէ՛, ո՛վ Երուսաղէմ. Քու պարանոցիդ կապերը քակէ՛ Ո՛վ Սիօնի գերի աղջիկ։3. Վասն զի Տէրը այսպէս կ’ըսէ. «Ձրի ծախուեցաք Եւ առանց ստակի պիտի փրկուիք»։4. Քանզի Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. «Իմ ժողովուրդս առաջ Եգիպտոս իջաւ, Որպէս զի հոն պանդխտանայ Ու Ասորեստանցիները առանց պատճառի ճնշեցին»։5. «Հիմա հոս ի՞նչ ունիմ, կ’ըսէ Տէրը, Որ իմ ժողովուրդս պարապ տեղ քշուեցաւ»։ «Անոր իշխողները կ’ողբան, կ’ըսէ Տէրը Ու ամէն օր իմ անուանս կը հայհոյեն»։6. «Ասոր համար իմ ժողովուրդս պիտի գիտնայ իմ անունս. Ասոր համար այն օրուան մէջ պիտի գիտնայ, Թէ ես ա՛ն եմ, որ կը խօսէի։ Ահա ես եմ»։7. Ի՜նչ գեղեցիկ են լեռներուն վրայ անոր ոտքերը, Որ աւետիս կը բերէ, խաղաղութիւն կը քարոզէ, Բարութեան աւետիս կը բերէ, փրկութիւն կը քարոզէ Ու Սիօնին կ’ըսէ՝ «Քու Աստուածդ կը թագաւորէ»։8. Քու պահապաններդ ձայն պիտի բարձրացնեն, Ցնծութեան ձայնով միաբերան պիտի երգեն. Քանզի՝ երբ Տէրը Սիօնը ետ դարձնէ՝ Անոնք յայտնապէս պիտի տեսնեն։9. Ո՛վ Երուսաղէմի աւերակներ, Ցնծութեան ձայնով մէկտեղ աղաղակեցէ՛ք, Քանզի Տէրը իր ժողովուրդը մխիթարեց Ու Երուսաղէմը փրկեց։10. Տէրը իր սուրբ բազուկը մերկացուց Բոլոր ազգերուն աչքերուն առջեւ Ու երկրին բոլոր ծայրերը Մեր Աստուծոյն փրկութիւնը պիտի տեսնեն։11. Քաշուեցէ՛ք, քաշուեցէ՛ք, անկէ ելէ՛ք, Պիղծ բանի մի՛ դպչիք, Անոր մէջէն ելէ՛ք. Մաքուր եղէ՛ք, ո՛վ Տէրոջը սպասները կրողներ։12. Քանզի ո՛չ թէ արտորալով պիտի ելլէք Եւ ո՛չ թէ փախչելով պիտի երթաք, Հապա Տէրը ձեր առջեւէն պիտի երթայ, Իսրայէլին Աստուածը ձեզի թիկնապահ պիտի ըլլայ։13. Ահա իմ ծառաս յաջողութիւն պիտի գտնէ Եւ պիտի մեծնայ ու պիտի բարձրանայ ու խիստ պիտի փառաւորուի։14. Որքա՜ն շատեր անոր վրայ՝ ՝ ապշեցան, (Անոր երեսը մարդու երեսէն Ու կերպարանքը մարդու որդիներուն կերպարանքէն աւելի աւրուած ըլլալուն համար)15. Այնպէս շատ ազգեր պիտի զարմացնէ, Թագաւորները անոր առջեւ իրենց բերանը պիտի գոցեն, Վասն զի իրենց չպատմուածը պիտի տեսնեն Եւ իրենց չլսածը պիտի իմանան։Սաղմոսներ 112:5-105. Բարի մարդը կ’ողորմի ու փոխ կու տայ, Իր բաները իրաւունքով կը կատարէ։6. Յիրաւի անիկա յաւիտեան պիտի չսասանի եւ Արդարին յիշատակը յաւիտեան պիտի մնայ։7. Անիկա գէշ լուրէն չի վախնար. Անոր սիրտը հաստատ է ու Տէրոջը կը յուսայ։8. Անոր սիրտը հաստատուած է, պիտի չվախնայ, Մինչեւ իր թշնամիներուն կորուստը տեսնէ։9. Բաշխեց եւ աղքատներուն տուաւ. Անոր արդարութիւնը յաւիտեան պիտի մնայ։ Անոր եղջիւրը փառքով պիտի բարձրանայ։10. Ամբարիշտը պիտի տեսնէ ու բարկանայ։ Իր ակռաները պիտի կրճտէ ու պիտի հալի։ Ամբարիշտներուն ցանկութիւնը պիտի կորսուի։Առակներ 26:16-1616. Ծոյլը՝ իր աչքերուն, Խելացի պատասխան տուող եօթը մարդէն աւելի իմաստուն կ’երեւնայ։Եփեսացիներ 2:1-221. Դուք յանցանքներու ու մեղքերու մէջ մեռած էիք, ինք ձեզ կենդանացուց ։2. Անոնց մէջ ժամանակին կը քալէիք այս աշխարհին բռնած ճամբովը, այս օդին իշխանութեանը իշխանին ուզածին պէս, այն ոգիին՝ որ հիմա ապստամբութեան որդիներուն ներսիդին կը ներգործէ։3. Անոնց մէջ մենք ամէնքս ալ կը պտըտէինք մեր մարմնին ցանկութիւններովը եւ մարմնին ու մտքին ուզածը կը կատարէինք եւ բնութեամբ բարկութեան որդիներ էինք՝ ինչպէս ուրիշներ.4. Բայց Աստուած, որ մեծ է ողորմութիւնով, իր առատ սիրովը, որով մեզ սիրեց,5. Երբ յանցանքներու մէջ մեռած էինք, մեզ Քրիստոսին հետ կենդանացուց, (դուք շնորհքով փրկուած էք,)6. Անոր հետ մեզ յարուցանեց ու անոր հետ նստեցուց երկնաւորներուն մէջ Քրիստոս Յիսուսով,7. Որպէս զի գալու դարերուն մէջ ցուցնէ իր շնորհքին գերազանց մեծութիւնը՝ Քրիստոս Յիսուսով մեզի ցուցուցած քաղցրութիւնովը։8. Վասն զի շնորհքով փրկուած էք դուք հաւատքի միջոցով եւ այս՝ ո՛չ թէ ձեզմէ է, հապա Աստուծոյ պարգեւն է.9. Ո՛չ թէ գործերէն, որ մէ՛կը չպարծենայ.10. Վասն զի մենք անոր ձեռագործն ենք, Քրիստոս Յիսուսով ստեղծուած՝ բարի գործերու համար։ Աստուած նախապէս պատրաստեց մեզ, որպէս զի անոնց մէջ քալենք։11. Ուստի մտքերնիդ բերէք թէ դուք ատեն մը մարմնով հեթանոսներ ըլլալով, (որոնք անթլփատուած կը սեպուին անոնցմէ՝ որոնք թլփատուած կը կոչեն ինքզինքնին, մարմինի մէջ՝ ձեռքով եղած,)12. Որ այն ատեն դուք առանց Քրիստոսի էիք ու հեռացած էիք Իսրայէլի հասարակութենէն եւ օտարացած՝ խոստումին ուխտերէն ու յոյս մըն ալ չունէիք եւ աշխարհի մէջ անաստուած էիք։13. Բայց հիմա Քրիստոս Յիսուսով դուք որ ատեն մը հեռաւոր էիք, մերձաւոր եղաք Քրիստոսին արիւնովը։14. Վասն զի անիկա է մեր խաղաղութիւնը, որ երկուքը մէկ ըրաւ ու մէջտեղի բաժանող պատը, այսինքն իրարու հետ եղած թշնամութիւնը, իր մարմնովը քակեց15. Եւ հրամաններով եղած պատուիրանքներուն օրէնքը խափանեց. որպէս զի իրմով այն երկուքին տեղ նոր մարդ մը ստեղծէ ու ասով խաղաղութիւն ընէ16. Եւ երկուքն ալ մէկ մարմին եղած՝ հաշտեցնէ Աստուծոյ հետ իր խաչովը. վասն զի անով սպաննեց թշնամութիւնը17. Եւ եկաւ խաղաղութիւն քարոզեց ձեզի, որ հեռուն էիք ու անոնց՝ որ մօտ էին։18. Քանզի անոր ձեռքով մենք երկուքս ալ մէկ Հոգիով՝ Հօրը մօտենալու արտօնութիւն ունինք։19. Ուրեմն ա՛լ ասկէ յետոյ դուք օտար ու պանդուխտ չէք, հապա սուրբերուն քաղաքակիցները եւ Աստուծոյ ընտանիքը՝20. Առաքեալներուն ու մարգարէներուն հիման վրայ շինուած, որուն անկիւնին գլուխը Յիսուս Քրիստոսն է.21. Որով բոլոր շէնքը մէկտեղ յարմարութեամբ կազմուած՝ կ’աճի սուրբ տաճար մը կ’ըլլայ Տէրոջմով.22. Որով դուք ալ մէկտեղ կը շինուիք՝ Աստուծոյ բնակարան ըլլալու Սուրբ Հոգիով։ Armenian Western Bible 1853 Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981