9. Քու համբոյրդ ազնիւ գինիի պէս է, Որ շիտակ կը վազէ իմ սիրականիս Ու քնացողներուն շրթունքները կը խօսեցնէ՝ ՝։
10. Ես իմ սիրականիսն եմ Եւ ան ինծի կը բաղձայ։
11. Եկո՛ւր, իմ սիրականս, դաշտը ելլենք, Գիշերը գիւղերու մէջ անցընենք,
12. Առտու կանուխ այգիները երթանք Ու տեսնենք թէ որթատունկը ծլե՞ր է, ծաղիկը բացուե՞ր է Եւ նռնենիները ծաղկե՞ր են։ Հոն իմ սէրս քեզի պիտի տամ։
13. Մանրագորները իրենց հոտը կու տան Ու մեր դռներուն մէջ, Բոլոր ընտիր պտուղներէն, թէ՛ նոր եւ թէ՛ հին, Քեզի համար պահեր եմ, ո՛վ իմ սիրականս։
1. Երանի՜ թէ իմ մօրս ստինքը ծծած եղբօրս պէս ըլլայիր։ Երբ քեզ դուրսը գտնէի, պիտի համբուրէի Եւ զիս պիտի չանարգէին։
2. Քեզ առաջնորդելով իմ մօրս տունը կը տանէի, Որպէս զի ինծի սորվեցնես։ Քեզի հոտաւէտ գինիէն, իմ նռնենիիս օշարակէն պիտի խմցնէի։
3. Ձախ ձեռքը գլխուս տակ Ու աջ ձեռքը զիս կը գրկէր։
4. Ով Երուսաղէմի աղջիկներ, ձեզ կ’երդմնցնեմ, Որ իմ սիրուհիս չարթնցնէք ու չվերցնէք, Մինչեւ որ ինք ուզէ։
5. Ո՞վ է ասիկա, որ իր սիրականին կռթնած՝ Անապատէն կ’ելլէ։ Քեզ խնձորենիին տակ արթնցուցի։ Քու մայրդ քեզ հոն ծնաւ, Քու ծնողդ քեզ հոն ծնաւ։
6. Զիս քու սրտիդ վրայ կնիքի պէս, Քու բազուկիդ վրայ կնիքի պէս դիր. Վասն զի սէրը՝ մահուան պէս զօրաւոր Ու նախանձը գերեզմանի պէս խիստ է. Անոր կայծերը սաստիկ բոցավառ կրակի կայծեր են։
7. Շատ ջուրերը չեն կրնար սէրը մարել Ու գետերը զանիկա չեն կրնար ընկղմել. Եթէ մարդ մը սիրոյ փոխարէն Իր տանը բոլոր ստացուածքը տայ, Զանիկա բոլորովին կ’անարգեն։
8. Պզտիկ քոյր մը ունինք Ու անիկա ստինք չունի։ Մեր քրոջը ի՞նչ ընենք Անոր մասին խօսուած օրը։
9. Եթէ անիկա պարիսպ է, Վրան արծաթէ աշտարակ մը շինենք Եւ եթէ դուռ է, Զանիկա եղեւնափայտի տախտակներով պատենք։
10. Ես պարիսպ եմ Ու իմ ստինքներս անոր աշտարակներն են. Այս պատճառով անոր առջեւ կը նմանիմ անոր, Որ խաղաղութիւն կը բերէ։
11. Սողոմոն Բաաղամոնի մէջ այգի ունէր։ Անիկա այգին պահապաններու տուաւ, Ամէն մէկը անոր պտուղին համար հազար կտոր արծաթ կը բերէր։
12. Իմ այգիս իմ առջեւս է. Ո՛վ Սողոմոն, հազարը քուկդ ըլլայ Ու երկու հարիւրը անոր պտուղը պահպանողներուն։
13. Ո՛վ պարտէզներու մէջ նստող, Ընկերները քու ձայնդ կը լսեն. Ինծի ալ լսել տուր։
14. Շուտ ըրէ՛, ո՛վ իմ սիրականս Ու խնկաբեր լեռներուն վրայ Այծեամի կամ եղնիկներու ձագի նման եկո՛ւր։
2. Վասն զի ան որ օտար լեզուով կը խօսի, ո՛չ թէ մարդոց կը խօսի, հապա Աստուծոյ. վասն զի մէկը չկայ որ իմանայ, բայց անիկա հոգիով խորհուրդները կը յայտնէ։
3. Սակայն ան որ կը մարգարէանայ, մարդոց կը խօսի՝ շինութիւն ու յորդորանք եւ մխիթարութիւն տալու ։
4. Ան որ օտար լեզուով կը խօսի՝ իր անձին շինութիւն կ’ընէ ու ան որ կը մարգարէանայ՝ եկեղեցիին շինութիւն կ’ընէ։
5. Կ’ուզեմ որ դուք ամէնքդ լեզուներ խօսիք, բայց մանաւա՛նդ մարգարէութիւն ընէք, վասն զի աւելի աղէկ է ան՝ որ կը մարգարէանայ, քան թէ ան՝ որ լեզուներ կը խօսի. բայց պէտք է թարգմանէ, որպէս զի եկեղեցին օգտուի։