Աստվածաշունչը մեկ տարում Սեպտեմբեր 7Եսայիա 5:1-301. Հիմա իմ սիրականիս երգը Իմ սիրելիիս երգեմ իր այգիին վրայով. Իմ սիրելիս այգի մը ունէր Խիստ պտղաբեր բլուրի մը վրայ։2. Զանիկա ցանկով պատեց, քարերը հանեց մէջէն Եւ ընտիր որթատունկեր տնկեց։ Անոր մէջտեղը աշտարակ շինեց Եւ հոն հնձան մըն ալ փորեց։ Կը սպասէր, որ խաղող տար, Բայց անիկա ազոխ տուաւ։3. Ուստի հիմա դուք, ո՛վ Երուսաղէմի բնակիչներ ու Յուդայի մարդիկ, Իմ ու այգիիս մէջտեղ դատաւոր եղէք։4. Իմ այգիիս ուրիշ ի՞նչ պէտք էր ընէի, Որ ես անոր չըրի։ Ինչո՞ւ համար, երբ ես խաղող տալուն կը սպասէի, Անիկա ազոխ տուաւ։5. Ուրեմն ես ձեզի ըսեմ, Թէ ի՛նչ պիտի ընեմ իմ այգիիս։ Անոր ցանկը պիտի քակեմ, որպէս զի անասուններու ճարակ ըլլայ։ Անոր պատերը պիտի փլցնեմ, որպէս զի ոտնակոխ ըլլայ։6. Խոպանացած պիտի թողում։ Անիկա պիտի չյօտուի ու չբրուի, Որպէս զի ցախ ու փուշ բուսցնէ։ Ամպերուն պիտի պատուիրեմ, Որ անոր վրայ անձրեւ չտեղան։7. Վասն զի զօրքերուն Տէրոջը այգին Իսրայէլի տունն է Ու Յուդայի մարդիկը՝ անոր ախորժելի տունկը։ Անիկա իրաւունքի կը սպասէր եւ ահա՝ արիւնահեղութիւն եղաւ, Արդարութեան՝ եւ ահա աղաղակ։8. Վա՜յ անոնց, որոնք տունը տան կը միացնեն, Ագարակ ագարակի վրայ կ’աւելցնեն. Մինչեւ որ տեղ չմնայ Ու միայն դուք բնակիք երկրի մէջ։9. Զօրքերու Տէրը իմ ականջիս խօսեցաւ՝ ըսելով «Յիրաւի շատ տուներ աւերակ պիտի ըլլան, Մեծ ու գեղեցիկ տուներ ու անոնց մէջ բնակող պիտի չգտնուի։10. Վասն զի տասը լծավար այգին մէկ մար պիտի տայ Ու մէկ քոռ սերմը մէկ արդու պիտի տայ»։11. Վա՜յ անոնց, որոնք առտուն կանուխ կ’ելլեն Ու ցքի խմելու ետեւէ կ’ըլլան Եւ իրիկունն ալ կ’ուշանան, Մինչեւ որ գինին իրենց գլուխը տաքցնէ։12. Անոնց խնճոյքներուն մէջ քնար ու տաւիղ, Թմբուկ ու սրինգ եւ գինի կը գտնուի, Բայց Տէրոջը ըրածներուն ուշադրութիւն չեն ըներ Եւ անոր ձեռքերուն գործերուն չեն նայիր։13. Անոր համար իմ ժողովուրդս Տէրը չճանչնալով՝ գերի կ’իյնայ Ու անոր մեծամեծ մարդիկը սով կը կրեն, Բազմութիւնը ծարաւէն կը ցամքի։14. Անոր համար դժոխքը ինքզինք կը լայնցնէ Ու բերանը չափէ դուրս կը բանայ։ Անոր պարծանքն ու բազմութիւնը Եւ աղաղակն ու զուարճութիւնը անոր մէջ պիտի իջնեն։15. Ռամիկ մարդը պիտի իյնայ Ու ազնուականը պիտի խոնարհի։ Ամբարտաւաններուն աչքերն ալ պիտի խոնարհին։16. Զօրքերու Տէրը իրաւունքով պիտի բարձրանայ։ Սուրբ Աստուած արդարութիւնով պիտի փառաւորուի։17. Գառնուկները իրենց սովորութեանը պէս պիտի արածին Ու հարուստներուն աւերակները օտարները պիտի ուտեն։18. Վա՜յ անոնց, որոնք անօրէնութիւնը ունայնութեան չուաններով կը քաշեն Ու մեղքը՝ սայլի փոկերով քաշելու պէս,19. Որոնք կ’ըսեն. «Թող արտորայ, Իր գործը շուտով կատարէ, որպէս զի զանիկա տեսնենք։ Իսրայէլին Սուրբին խորհուրդը Թող մօտենայ, գայ, որպէս զի զանիկա գիտնանք»։20. Վա՜յ անոնց, որոնք չարին բարի կ’ըսեն ու բարիին՝ չար. Որոնք խաւարը՝ լոյսի տեղ ու լոյսը խաւարի տեղ կը դնեն, Որոնք դառնը՝ քաղցրի տեղ ու քաղցրը դառնի տեղ կը դնեն։21. Վա՜յ անոնց, որոնք իրենց աչքին իմաստուն Եւ իրենց առջեւ խոհական են։22. Վա՜յ անոնց, որոնք գինի խմելու համար՝ զօրաւոր Ու ցքի խառնելու համար կտրիճ են,23. Որոնք կաշառքի համար ամբարիշտը կ’արդարացնեն Եւ արդարը իր իրաւունքէն կը զրկեն։24. Անոր համար ինչպէս կրակին բոցը յարդը կ’ուտէ Ու չոր խոտը բոցին մէջ կը հատնի, Այնպէս ալ անոնց արմատը փտտութեան պէս պիտի ըլլայ Ու անոնց ծաղիկը փոշիի պէս վեր պիտի ելլէ։ Վասն զի զօրքերու Տէրոջը օրէնքը մերժեցին Եւ Իսրայէլի Սուրբին խօսքը անարգեցին։25. Անոր համար Տէրոջը բարկութիւնը իր ժողովուրդին դէմ բորբոքեցաւ Ու անոնց վրայ ձեռքը երկնցուց ու զարկաւ զանոնք, Այնպէս որ լեռները դողացին Ու անոնց դիակները ճամբաներուն վրայ աղբի պէս մնացին։ Սակայն անոր բարկութիւնը չիջաւ, Հապա անոր ձեռքը տակաւին երկնցած է։26. Հեռաւոր ազգերու դրօշակը պիտի վերցնէ Ու զանոնք երկրի ծայրէն սուլելով պիտի կանչէ։ Ահա անոնք արտորալով եւ արագութեամբ պիտի գան։27. Անոնցմէ մէ՛կը պիտի չյոգնի ու մէ՛կը պիտի չսահի. Մէ՛կը պիտի չմրափէ ու չքնանայ։ Մէ՛կուն մէջքի գօտին պիտի չքակուի, Ո՛չ ալ կօշիկին կապը պիտի կտրուի։28. Անոնց նետերը սուր են Ու բոլոր աղեղները՝ լարուած։ Անոնց ձիերուն սմբակները գայլախազի կը նմանին Եւ կառքերուն անիւները մրրիկի պէս են։29. Անոնք առիւծի պէս կը մռնչեն, Կորիւններու պէս կը գոռան։ Կը գոչեն ու կողոպուտը կը յափշտակեն, Զանիկա կը փախցնեն, բայց ազատող մը չկայ։30. Այն օրը անոնց վրայ պիտի գոչեն ծովուն գոչելուն պէս Ու երբ մէկը երկրին նայի, ահա խաւար եւ տագնապ պիտի տեսնէ Եւ լոյսը անոր ամպերուն մէջ պիտի խաւարի։Եսայիա 6:1-131. Ոզիա թագաւորին մահուան տարին Տէրը տեսայ, որ բարձր ու վերացած աթոռի վրայ նստեր էր։ Անոր քղանցքը տաճարը կը լեցնէր։2. Վերի կողմը սերովբէները կը կենային անոր առջեւ, որոնց ամէն մէկը վեց թեւ ունէր։ Երկուքով երեսնին կը ծածկէին, երկուքով ոտքերնին կը ծածկէին ու երկուքով կը թռչէին։3. Եւ փոփոխակի կ’աղաղակէին ու կ՛ըսէին. «Սուրբ, Սուրբ, Սո՛ւրբ է զօրքերու Տէրը. Բոլոր երկիր անոր փառքովը լեցուն է»։4. Եւ աղաղակին ձայնէն դրան սեմերուն հիմերը շարժեցան եւ տունը ծուխով լեցուեցաւ։5. Եւ ըսի. «Վա՜յ ինծի, ահա կը կորսուիմ. Վասն զի ես պիղծ շրթունք ունեցող մարդ մըն եմ Ու պղծաշուրթն ժողովուրդի մէջ կը բնակիմ Եւ իմ աչքերս զօրքերու Տէրը, Թագաւորը տեսան»։6. Բայց սերովբէներէն մէկը իմ կողմս թռաւ ու ձեռքը կրակի կայծ մը ունէր, որ սեղանէն ունելիով առած էր։7. Եւ բերնիս դպցնելով՝ ըսաւ. «Ահա ասիկա քու շրթունքներուդ դպաւ Ու քու անօրէնութիւնդ վերցուեցաւ Եւ մեղքիդ քաւութիւն եղաւ»։8. Ետքը լսեցի Տէրոջը ձայնը, որ ըսաւ. «Ո՞վ ղրկեմ եւ մեզի համար ո՞վ պիտի երթայ»։ Ու ես ըսի. «Ահաւասիկ ես. զի՛ս ղրկէ»։9. Այն ատեն ըսաւ. «Գնա՛, ըսէ՛ այս ժողովուրդին. ‘Լսելով պիտի լսէք, բայց պիտի չիմանաք Ու տեսնելով պիտի տեսնէք, բայց պիտի չգիտնաք’։10. Այս ժողովուրդին սիրտը թանձրացուր Եւ ականջները ծանրացուր ու անոր ոտքերը գոցէ, Որպէս զի չըլլայ թէ աչքերովը տեսնէ ու ականջներովը լսէ Եւ սրտովը իմանայ եւ դարձի գայ ու բժշկուի»։11. Ես ըսի. «Մինչեւ ե՞րբ, ո՛վ Տէր իմ»։ Ան ըսաւ. «Մինչեւ որ քաղաքները բնակիչ չունենալով Եւ տուները մարդ չգտնուելով՝ ամայի մնան Ու երկիրը բոլորովին աւերակ ըլլայ12. Ու մինչեւ որ Տէրը հեռացնէ մարդիկը Ու երկրին մէջ մեծ ամայութիւն ըլլայ։13. Անոր մէջ դեռ մէկ տասներորդ մասը պիտի գտնուի, Բայց այն ալ դարձեալ պիտի սպառի. Ինչպէս բեւեկնին ու կաղնին կտրուելով՝ անոնց բունը կը մնայ»։ Այսպէս սուրբ սերունդը այն ժողովուրդին բունը պիտի ըլլայ։Սաղմոսներ 105:23-2623. Իսրայէլ Եգիպտոս եկաւ Ու Յակոբ պանդուխտ եղաւ Քամի երկրին մէջ։24. Տէրը իր ժողովուրդը խիստ շատցուց Ու զանոնք իրենց թշնամիներէն աւելի զօրաւոր ըրաւ։25. Անոնց սիրտը դարձուց, որպէս զի իր ժողովուրդը ատեն Ու իր ծառաներուն նենգութիւն ընեն։26. Իր ծառան Մովսէսը ղրկեց Եւ իր ընտրած Ահարոնը,Առակներ 24:28-2928. Քու դրացիիդ դէմ զուր տեղ վկայութիւն մի՛ ըներ Եւ քու շրթունքներովդ մի՛ խաբեր։29. Մի՛ ըսեր՝ «Անիկա ինծի ինչպէս որ ըրաւ, ես ալ անոր այնպէս պիտի ընեմ, Այն մարդուն իր գործին համեմատ հատուցում պիտի ընեմ»։1 Կորնթացիներ 15:29-5829. Ապա թէ ոչ՝ ի՞նչ պիտի ընեն անոնք որ մեռելներուն համար կը մկրտուին, եթէ մեռելները բնաւ յարութիւն պիտի չառնեն։ Ինչո՞ւ ուրեմն անոնց համար կը մկրտուին.30. Ինչո՞ւ համար մենք ալ վտանգի մէջ կը մտնենք ամէն ժամ։31. Վկայ կը բերեմ այն պարծանքը՝ որ ձեր վրայ ունիմ Քրիստոս Յիսուս մեր Տէրոջմով, որ ես ամէն օր կը մեռնիմ։32. Եթէ Եփեսոսի մէջ մարդոց նման գազաններու հետ մարտնչեցայ, ի՞նչ օգուտ ունի ինծի։ Եթէ մեռելները յարութիւն պիտի չառնեն՝ ուտենք ու խմենք, վասն զի վաղը պիտի մեռնինք։33. Մի՛ խաբուիք. չար ընկերակցութիւնները աղէկ բարքը կ’ապականեն։34. Արդարութիւնով զգաստացէ՛ք ու մեղք մի՛ գործէք, վասն զի ձեզմէ ոմանք Աստուծոյ գիտութիւնը չունին. ձեզ ամչցնելու համար կ’ըսեմ։35. Բայց պիտի ըսէ մէկը. «Ի՞նչպէս մեռելները յարութիւն կ’առնեն», կամ «Ի՞նչ մարմնով կու գան»։36. Ա՛նմիտ, անիկա որ դուն կը սերմանես, եթէ չմեռնի՝ չի կենդանանար։37. Զայն որ կը սերմանես, ոչ թէ այն մարմինը որ պիտի բուսնի՝ կը սերմանես, հապա մերկ հատը՝ ցորենի վրայ եւ թէ՛ ուրիշ սերմի ՝38. Ու Աստուած անոր մարմին կու տայ ինչպէս կ’ուզէ եւ ամէն մէկ սերմին իր յատուկ մարմինը։39. Ամէն մարմին մէկ մարմին չէ. հապա մարդոց մարմինը ուրիշ է ու անասուններուն մարմինը՝ ուրիշ, ձուկերունն ալ՝ ուրիշ եւ թռչուններունը՝ ուրիշ։40. Երկնաւոր մարմիններ ալ կան, երկրաւոր մարմիններ ալ, բայց երկնաւորներուն փառքը ուրիշ է ու երկրաւորներունը՝ ուրիշ։41. Արեւուն փառքը ուրիշ է ու լուսնին փառքը՝ ուրիշ եւ աստղերուն փառքը՝ ուրիշ ու մէկ աստղը միւս աստղէն տարբեր է փառքով։42. Այսպէս մեռելներուն յարութիւնն ալ։ Մարմինը ապականութիւնով կը սերմանուի ու անապականութիւնով յարութիւն կ’առնէ.43. Անարգութիւնով կը սերմանուի ու փառքով յարութիւն կ’առնէ. տկարութիւնով կը սերմանուի ու զօրութիւնով յարութիւն կ’առնէ։44. Կը սերմանուի շնչաւոր մարմին եւ յարութիւն կ’առնէ հոգեւոր մարմին։ Շնչաւոր մարմին կայ, հոգեւոր մարմին ալ կայ։45. Եւ այսպէս գրուած է. «Առաջին մարդը՝ Ադամ՝ կենդանի շունչ եղաւ, վերջին Ադամը՝ կենդանարար հոգի»։46. Բայց ո՛չ թէ առաջ հոգեւորը, հապա շնչաւորը ու ետքը հոգեւորը։47. Առաջին մարդը երկրէն էր՝ հողեղէն, բայց երկրորդ մարդը Տէր է՝ երկնքէն։48. Ինչպէս էր հողեղէնը՝ նոյնպէս ալ հողեղէնները ու ինչպէս երկնաւորը՝ նոյնպէս ալ երկնաւորները49. Եւ ինչպէս հողեղէնին կերպարանքը հագեր ենք, երկնաւորին կերպարանքն ալ պիտի հագնինք։50. Բայց այս կ’ըսեմ, եղբա՛յրներ, որ մարմին ու արիւն Աստուծոյ թագաւորութիւնը չեն կրնար ժառանգել. ո՛չ ալ ապականութիւնը կը ժառանգէ անապականութիւն։51. Ահա ձեզի խորհուրդ մը կ’ըսեմ. «Ամէնքս պիտի չննջենք, բայց ամէնքս ալ պիտի փոխուինք,52. Յանկարծակի աչք գոցել բանալու մէջ՝ վերջին փողին հնչուելու ատենը. որովհետեւ փողը պիտի հնչուի ու մեռելները յարութիւն պիտի առնեն առանց ապականութեան, մենք ալ պիտի փոխուինք»։53. Վասն զի պէտք է որ այս ապականացու մարմինը անապականութիւն հագնի ու այս մահկանացուն անմահութիւն հագնի։54. Բայց երբ այս ապականացու մարմինը անապականութիւն հագնի եւ այս մահկանացուն անմահութիւն հագնի, այն ատեն պիտի կատարուի այն խօսքը, որ գրուեցաւ. «Մահը յաղթութեան մէջ ընկղմեցաւ»։55. «Ո՞ւր է, ո՛վ մահ, քու խայթոցդ, ո՞ւր է, ո՛վ գերեզման, քու յաղթութիւնդ»։56. Մահուան խայթոցը մեղքն է ու մեղքին ոյժը՝ օրէնքը։57. Բայց գոհութիւն Աստուծոյ, որ մեզի յաղթութիւն կու տայ մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսին ձեռքով։58. Ուստի, իմ սիրելի եղբայրներս, հաստատո՛ւն եւ անշա՛րժ կեցէք եւ ամէն ատեն աւելցէ՛ք Տէրոջը գործին մէջ, գիտնալով թէ ձեր աշխատութիւնը պարապ չէ Տէրոջմով։ Armenian Western Bible 1853 Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981