Աստվածաշունչը մեկ տարում
Սեպտեմբեր 8

1. Յուդայի թագաւորին, Ոզիայի որդիին Յովաթամի որդիին Աքազին օրերը Ասորիներուն Ռասին թագաւորն ու Իսրայէլի թագաւորը Ռովմելայի որդին Փակէէն Երուսաղէմի դէմ պատերազմելու ելան, բայց չկրցան անոր հետ պատերազմ ընել։
2. Ուստի երբ Դաւիթին տանը լուր տրուեցաւ թէ Ասորիները Եփրեմի հետ միաբանեցան՝ ՝, անոր սիրտը եւ անոր ժողովուրդին սիրտը ցնցուեցաւ, ինչպէս անտառին ծառերը հովէն կը ցնցուին։
3. Բայց Տէրը Եսայիին ըսաւ. «Հիմա դուն քեզի հետ առ քու որդիդ Սէար-Յասուբը, թափիչի ագարակին ճամբուն վրայ, վերի աւազանին ջրմուղին եզերքը ելի՛ր Աքազը դիմաւորելու։
4. Եւ ըսէ՛ անոր. ‘Զգո՛յշ եղիր ու հանդա՛րտ կեցիր, Մի՛ վախնար ու սիրտդ թող չմարի Այս ծուխ հանող երկու կիսայրեաց փայտի ծայրերէն՝ Այսինքն Ռասինի ու Ասորիներու Եւ Ռովմելայի որդիին սաստիկ բարկութենէն։
5. Որովհետեւ Ասորիները, Եփրեմն ու Ռովմելային որդին Քու վրայովդ չար խորհուրդ ըրին ու ըսին.
6. «Յուդայի վրայ երթանք ու զանիկա բռնադատենք Եւ մեզի հնազանդեցնենք, Ետքը անոր մէջ Տաբէէլին որդին թագաւոր դնենք»’։
7. Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. ‘ Այս խորհուրդը պիտի չհաստատուի ու չկատարուի.
8. Վասն զի Ասորիներուն երկրին գլուխը՝ Դամասկոս Եւ Դամասկոսին գլուխը Ռասին է։ Վաթսունըհինգ տարուան մէջ Եփրեմ ժողովուրդ ըլլալէ պիտի ջնջուի։
9. Եփրեմին գլուխը՝ Սամարիա Եւ Սամարիային գլուխը Ռովմելային որդին է. Եթէ չհաւատաք, հաստատուն պիտի չըլլաք’։
10. Դարձեալ Տէրը խօսեցաւ Աքազին ու ըսաւ.
11. «Քու Տէր Աստուծմէդ քեզի համար նշան խնդրէ, Խորութեան մէջ կամ բարձրութեան մէջ»։
12. Բայց Աքազ ըսաւ. «Չեմ խնդրեր ու Տէրը չեմ փորձեր»։
13. Այն ատեն անիկա ըսաւ. «Լսէ՛ հիմա, ո՛վ Դաւիթի տուն. Պզտի՞կ բան կ’երեւնայ քեզի մարդիկ աշխատցնելդ, Որ իմ Աստուածս ալ պիտի աշխատցնես։
14. Անոր համար Տէրը ինք նշան պիտի տայ քեզի. Ահա կոյսը պիտի յղանայ ու որդի պիտի ծնանի Եւ անոր անունը Էմմանուէլ պիտի կոչուի։
15. Անիկա կոգի ու մեղր պիտի ուտէ, Մինչեւ որ գիտնայ չարը մերժել ու բարին ընտրել։
16. Վասն զի տղան չարը մերժելը ու բարին ընտրելը գիտնալէն առաջ Պիտի թողու այն երկիրը, Որուն երկու թագաւորներէն դուն կը վախնաս։
17. Տէրը քու վրադ ու քու ժողովուրդիդ վրայ Եւ քու հօրդ տանը վրայ այնպիսի օրեր պիտի բերէ, Որ Եփրեմին Յուդայէն զատուած օրէն ի վեր չեկան, Այսինքն Ասորեստանի թագաւորը»։
18. Այն օրը Տէրը պիտի սուլէ, Եգիպտոսի գետերուն ծայրը եղած ճանճերը Ու Ասորեստանի երկրին մէջ եղած մեղուները,
19. Բոլորը պիտի գան ու պիտի հանգչին Ամայի ձորերուն մէջ ու վէմերուն խոռոչներուն մէջ Եւ բոլոր թուփերուն ու բոլոր արօտներուն մէջ։
20. Այն օրը Տէրը, վարձքով առնուած ածելիով, Այսինքն Գետին անդիի կողմը եղող Ասորեստանի թագաւորով, Գլուխն ու ոտքերուն մազը պիտի ածիլէ Եւ մօրուքն ալ բոլորովին պիտի սափրէ։
21. Այն օրը մարդ մը, Մէկ երինջ ու երկու ոչխար պահելով,
22. Անոնց տուած կաթին առատութենէն կոգի պիտի ուտէ, Վասն զի երկրին մէջ բոլոր մնացողները Կոգի ու մեղր պիտի ուտեն։
23. Եւ այն օրը, Ուր որ հազար որթատունկ տնկուած է հազար սիկղ արծաթի արժէքով, Ցախերով ու փուշերով պիտի լեցուի։
24. Նետերով ու աղեղներով հոն պիտի գան, Վասն զի բոլոր երկիրը ցախերով ու փուշերով պիտի լեցուի։
25. Եւ այն բոլոր լեռները, որոնք բրիչով կը փորուէին, Ցախի ու փուշի երկիւղին պատճառով հոն պիտի չերթաք. Արջառներուն արօտ ու խաշինքներուն կոխան պիտի ըլլան։
1. Տէրը ինծի ըսաւ. «Դուն քեզի մեծ տոմս մը առ եւ անոր վրայ մարդու գրիչով գրէ՝ ‘Մահէր-Շալալ-Հաշ-Պազին մասին»։
2. Եւ ինծի հաւատարիմ վկաներ բռնեցի Ուրիա քահանան ու Բարաքիայի որդին Զաքարիան։
3. Մերձեցայ մարգարէուհիին ու անիկա յղացաւ ու որդի մը ծնաւ եւ Տէրը ինծի ըսաւ. «Անոր անունը Մահէր-Շալալ-Հաշ-Պազ դիր.
4. Վասն զի դեռ տղան «Հայրս եւ մայրս» կանչելը չսորված՝ Դամասկոսի հարստութիւններն ու Սամարիայի աւարը Ասորեստանի թագաւորին առջեւ պիտի տարուին»։
5. Դարձեալ Տէրը ինծի խօսեցաւ ու ըսաւ.
6. «Որովհետեւ այս ժողովուրդը Սիլովայի հանդարտ վազող ջուրերը կ’արհամարհէ եւ Ռասինի ու Ռովմելայի որդիին կը հաւնի,
7. Անոր համար ահա Տէրը անոնց վրայ Գետին զօրաւոր ու առատ ջուրերը, Այսինքն Ասորեստանի թագաւորը ու անոր բոլոր զօրութիւնը, պիտի հանէ Եւ անիկա իր բոլոր յատակներէն վեր պիտի ելլէ Ու իր բոլոր եզերքներուն վրայէն պիտի քալէ։
8. Յուդային մէջէն յորդելով՝ պիտի անցնի երթայ Ու մինչեւ մարդոց պարանոցը պիտի հասնի Եւ անոր թեւերուն տարածութիւնը Քու երկրիդ լայնութիւնը պիտի լեցնէ, ո՛վ Էմմանուէլ»։
9. Ո՛վ ժողովուրդներ, դաշնակի՛ց եղէք՝ ՝, բայց պիտի խորտակուիք. Ո՛վ երկրին հեռաւոր տեղեր, ակա՛նջ դրէք, Պատրաստուեցէ՛ք, բայց պիտի խորտակուիք. Պատրաստուեցէ՛ք, բայց պիտի խորտակուիք.
10. Խորհո՛ւրդ ըրէք, բայց պիտի խափանուի. Խօ՛սք խօսեցէք, բայց պիտի չհաստատուի. Քանզի Աստուած մեզի հետ է։
11. Քանզի Տէրը հզօր ձեռքով այսպէս խօսեցաւ ինծի Ու խրատեց զիս՝ թէ պէտք չէ այս ժողովուրդին ճամբուն մէջ քալել՝ ըսելով.
12. «Դաւադրութիւն մի՛ ըսէք Ինչ բանի որ այս ժողովուրդը դաւադրութիւն կ’ըսէ։ Անոր վախովը մի՛ վախնաք ու մի՛ զարհուրիք։
13. Միայն զօրքերու Տէրը փառաւորեցէք, Անիկա ըլլայ ձեր վախը եւ ձեր զարհուրանքը։
14. Եւ անիկա ձեզի սրբարան պիտի ըլլայ, Բայց Իսրայէլի երկու տուներուն՝ Գայթակղութեան քար եւ գլորելու վէմ Ու Երուսաղէմի բնակիչներուն թակարդ ու որոգայթ պիտի ըլլայ։
15. Եւ անոնցմէ շատերը պիտի գլորին, Ու իյնալով պիտի խորտակուին Եւ որոգայթի մէջ իյնալով պիտի բռնուին»։
16. Վկայութիւնը կապէ, Աշակերտներուս մէջ օրէնքը կնքէ։
17. Ուրեմն ես պիտի սպասեմ Տէրոջը, Որ Յակոբի տունէն իր երեսը ծածկեր է Ու անոր պիտի յուսամ։
18. Ահաւասիկ ես ու այն զաւակները, որոնք Տէրը ինծի տուաւ, Նշաններ ու սքանչելիքներ ըլլալու Իսրայէլի մէջ՝ Սիօն լեռը բնակող զօրքերու Տէրոջը կողմանէ։
19. Ու երբ ձեզի ըսեն թէ՝ «Շշնջող ու քրթմնջող վհուկներուն Եւ նշանագէտներուն հարցուցէք», Այն ատեն ըսէք թէ Ժողովուրդը իր Աստուծոյն պիտի չհարցնէ՞. Կենդանիներուն համար մեռածներո՞ւն պիտի հարցնէ ։
20. Օրէնքին ու վկայութեանը թող հարցնեն. Եթէ այս խօսքին համեմատ չխօսին, Անոնք ամենեւին լոյս չունին։
21. Եւ ժողովուրդը վիշտ ու սով կրելով պիտի անցնի անկէ Ու երբ անօթենայ, պիտի բարկանայ Ու իր թագաւորին եւ իր Աստուծոյն պիտի հայհոյէ ու վեր նայի
22. Եւ դէպի երկիր պիտի նայի Եւ ահա վիշտ ու խաւար, նեղութեան մէգ։ Դէպի մառախուղ պիտի քշուին։
37. Զանոնք ոսկիով ու արծաթով հանեց Ու անոնց ցեղերուն մէջ տկար մարդ չկար։
38. Եգիպտոս ուրախացաւ անոնց դուրս ելլելուն, Վասն զի անոնց ահը իրենց վրայ ինկած էր։
39. Ցորեկը ՝ հովանի ըլլալու համար ամպ Ու գիշերը՝ լոյս տալու համար կրակ տարածեց։
40. Խնդրեցին ու լորամարգիներ բերաւ Ու երկնքի հացով կշտացուց զանոնք։
41. Վէմը պատռեց ու ջուրերը վազեցին, Գետի պէս հոսեցան չոր տեղերուն մէջէն։
42. Վասն զի իր սուրբ խոստումը յիշեց, Որ իր Աբրահամ ծառային ըրեր էր ։
43. Ժողովուրդը ցնծութիւնով հանեց Եւ իր ընտրածները՝ ուրախութիւնով։
44. Հեթանոսներուն երկիրները անոնց տուաւ Եւ անոնք ժողովուրդներուն վաստակները ժառանգեցին,
45. Որպէս զի անոր պատուիրանքները պահեն Ու անոր օրէնքները կատարեն։ Ալէլուիա՜։
30. Ծոյլ մարդուն՝ արտին քովէն Ու պակասամիտ մարդուն այգիին քովէն անցայ։
31. Ամենուն մէջ փուշեր բուսեր էին Ու անոնց երեսը եղիճներ ծածկեր էին Եւ անոր քարէ պատը փլած էր։
32. Երբ զանիկա տեսայ՝ մտքիս մէջ պահեցի, Անոր նայեցայ ու անկէ խրատ առի։
33. Եթէ քիչ մը քնանաս, քիչ մը նիրհես Ու քիչ մը ձեռք ձեռքի վրայ դնես ննջելու համար,
34. Քու աղքատութիւնդ ճամբորդի պէս պիտի գայ Եւ քու կարօտութիւնդ՝ սպառազինեալ մարդու պէս։
1. Սուրբերուն համար նպաստ ժողվելու վրայով, ինչպէս պատուէր տուի Գաղատացիներուն եկեղեցիներուն, դուք ալ այնպէս ըրէք։
2. Ամէն մէկշաբթի օրերը ձեզմէ ամէն մէկը իր քով թող դիզէ ինչ որ կրնայ,
3. Որ չըլլայ թէ երբ գամ, այն ատեն հանգանակութիւններ ըլլան։ Երբ գամ, որոնց որ դուք հաճիք, ես զանոնք թուղթերով՝ ՝ պիտի ղրկեմ, որ ձեր պարգեւները Երուսաղէմ տանին։
4. Եւ եթէ իմ երթալս յարմար սեպուի, ինծի հետ թող երթան։
5. Սակայն ես ձեզի պիտի գամ՝ երբ Մակեդոնիայէն անցնիմ. (քանզի Մակեդոնիայէն կ’անցնիմ.)
6. Եւ կարելի է որ ձեր քով մնամ եւ ձմեռն ալ անցընեմ. որպէս զի դուք զիս ճամբայ դնէք, ուր որ ես պիտի երթամ։
7. Վասն զի չեմ ուզեր ձեզ հիմա հարեւանցի տեսնել, բայց յոյս ունիմ որ ատեն մը ձեր քով կենամ, եթէ Տէրը հրաման տայ։
8. Սակայն հիմա ես Եփեսոս պիտի մնամ մինչեւ Պէնտէկոստէ.
9. Վասն զի ինծի մեծ ու արդիւնաւոր դուռ մը բացուած է ու շատ հակառակորդներ կան։
10. Արդ՝ եթէ Տիմոթէոս գայ, նայեցէ՛ք որ ձեր քով առանց վախի մնայ. քանզի անիկա Տէրոջը գործը կը գործէ, ինչպէս ես ալ։
11. Ուստի չըլլայ որ մէկը զանիկա արհամարհէ. հապա խաղաղութեամբ զանիկա ճամբեցուցէք, որպէս զի ինծի գայ. վասն զի անոր կը սպասեմ եղբայրներուն հետ։
12. Իսկ Ապօղոս եղբօրը համար, շատ աղաչեցի անոր, որ ձեզի գայ եղբայրներուն հետ մէկտեղ. բայց բնաւ կամք չունեցաւ որ հիմա գայ, բայց պիտի գայ՝ երբ յարմար ժամանակ գտնէ։
13. Արթո՛ւն կեցէք, հաւատքի մէջ հաստա՛տ կեցէք, ժի՛ր եղէք, զօրացէ՛ք։
14. Ձեր ամէն բաները սիրով ըլլան։
15. Կ’աղաչեմ ձեզի, եղբայրնե՛ր, (դուք կը ճանչնաք Ստեփանէսի ընտանիքը որ Աքայիայի առաջին պտուղն է ու անձերնին սուրբերուն սպասաւորութեանը նուիրեցին.)
16. Որ հնազանդ ըլլաք այնպիսիներուն եւ ամենուն որ մեզի հետ մէկտեղ կը գործեն ու կ’աշխատին։
17. Ուրախ եմ ես Ստեփանէսի ու Փորտունատոսի ու Աքայիկոսի գալուն համար, իրենք ձեր պակասութիւնը լեցուցին.
18. Ատով հանգստացուցին իմ հոգիս ու ձերը. ուստի այնպիսիները ճանչցէք։
19. Բարեւ կ’ընեն ձեզի Ասիայի եկեղեցիները. շատ բարեւ կ’ընեն ձեզի Տէրոջմով Ակիւղասն ու Պրիսկիղան՝ իրենց տանը մէջի եկեղեցիին հետ։
20. Բարեւ կ’ընեն ձեզի բոլոր եղբայրները. բարեւ տուէք իրարու սուրբ համբոյրով։
21. Այս բարեւը իմ ձեռագրովս Պօղոսինն է։
22. Եթէ մէկը Տէր Յիսուս Քրիստոսը չի սիրեր, նզովեալ ըլլայ երբ մեր Տէրը գայ՝ ՝։
23. Տէր Յիսուս Քրիստոսին շնորհքը ձեզի հետ.
24. Իմ սէրս ձեր ամենուն հետ ըլլայ Քրիստոս Յիսուսով։ Ամէն։
Armenian Western Bible 1853
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ Bible Society in Lebanon, 1981