[23] Յուդայի մէջ կը սորվեցնէին ու Տէրոջը օրէնքի գիրքը անոնց հետ էր։ Յուդայի բոլոր քաղաքները կը պտըտէին ու ժողովուրդին կը սորվեցնէին։ [24] Յուդային բոլորտիքը եղող երկիրներուն բոլոր թագաւորութիւններուն վրայ Տէրոջը վախը ինկաւ ու Յովսափատին հետ պատերազմ չըրին։ [25] Փղշտացիներէն ալ Յովսափատին ընծաներ ու տուրք բերին։ Արաբացիներն ալ հօտերէն եօթը հազար եօթը հարիւր խոյ ու եօթը հազար եօթը հարիւր նոխազ բերին անոր։ [26] Յովսափատ երթալով խիստ մեծցաւ ու Յուդայի մէջ բերդեր ու շտեմարանի քաղաքներ շինեց։ [27] Անիկա Յուդայի քաղաքներուն մէջ շատ գործեր ունէր ու Երուսաղէմի մէջ զօրաւոր կտրիճներ ու պատերազմող մարդիկ ունէր ։ [28] Այս էր անոնց թիւը իրենց ազգատոհմերուն համեմատ. Յուդայի հազարապետները՝ Եդնա իշխանը ու անոր հետ երեք հարիւր հազար զօրաւոր կտրիճներ։ [29] Անկէ ետքը Յօհանա իշխանը ու անոր հետ երկու հարիւր ութսուն հազար մարդիկ։ [30] Անկէ ետքը Զեքրիի որդին Ամասիան, որ Տէրոջը ուխտաւորն էր ու անոր հետ երկու հարիւր հազար զօրաւոր կտրիճներ. [31] Բենիամինէն զօրաւոր կտրիճ Եղիադան եւ անոր հետ երկու հարիւր հազար աղեղնաւոր ու ասպարաւոր մարդիկ.
Դանիէլ խօսեցաւ ու ըսաւ. «Աստուծոյ անունը յաւիտեանս յաւիտենից օրհնեալ ըլլայ, վասն զի իմաստութիւնն ու զօրութիւնը անորն են։
Քու պարծանքդ անիկա է եւ քու Աստուածդ անիկա է, որ քեզի համար այս մեծ ու սքանչելի բաներն ըրաւ, որոնք դուն քու աչքերովդ տեսար։
Տէրոջը երգեցէ՛ք, Տէրը գովեցէ՛ք. Քանզի տնանկին հոգին չարագործներուն ձեռքէն ազատեց։
Կը գովենք քեզ, ո՛վ Աստուած, Կը գովենք քեզ եւ քու անունդ կը կանչենք, Քու հրաշքներդ կը պատմենք։
[2] «Ես եմ Եհովան, քու Աստուածդ, որ քեզ Եգիպտոսի երկրէն, ծառայութեան տունէն, հանեցի։ [3] Ինծմէ զատ ուրիշ աստուածներ չունենաս։ [4] Դուն քեզի կուռք չշինես, ո՛չ վերը երկնքի մէջ, ո՛չ վարը երկրի վրայ, կամ երկրի տակի ջուրերուն մէջ եղած բաներուն մէկ նմանութիւնը. [5] Անոնց երկրպագութիւն չընես ու զանոնք չպաշտես. վասն զի ես քու Տէր Աստուածդ նախանձոտ Աստուած եմ, որ կը հատուցանեմ հայրերուն անօրէնութիւնը որդիներուն, մինչեւ անոնց երրորդ ու չորրորդ ազգը՝ որ կ’ատեն զիս [6] Եւ կ’ողորմիմ անոնց մինչեւ հազար ազգը՝ որ կը սիրեն զիս ու իմ պատուիրանքներս կը պահեն։
[21] Յիսուս ըսաւ անոր. «Ո՛վ կին, հաւատա ինծի, որ ժամանակ պիտի գայ, երբ ո՛չ այս լերան վրայ եւ ո՛չ Երուսաղէմի մէջ երկրպագութիւն պիտի ընէք Հօրը։ [22] Դուք անոր երկրպագութիւն կ’ընէք, որը չէք ճանչնար. մենք անոր երկրպագութիւն կ’ընենք, որը կը ճանչնանք. վասն զի փրկութիւնը Հրեաներէն է։ [23] Բայց ժամանակ պիտի գայ ու հիմա ալ է, երբ ճշմարիտ երկրպագողները երկրպագութիւն պիտի ընեն Հօրը՝ հոգիով ու ճշմարտութիւնով, վասն զի Հայրն ալ իրեն այնպիսի երկրպագողներ կ’ուզէ։ [24] Աստուած Հոգի է եւ իրեն երկրպագողներն ալ պէտք է որ հոգիով ու ճշմարտութիւնով երկրպագութիւն ընեն»։
[1] Տէրը կը թագաւորէ, ժողովուրդները թո՛ղ սարսափին։ Ինք քերովբէներուն վրայ կը նստի, երկիրը թո՛ղ շարժի։ [2] Տէրը մեծ է Սիօնի մէջ Ու բարձրացած է բոլոր ժողովուրդներուն վրայ։ [3] Թող գովեն քու մեծ ու ահաւոր անունդ։ Անիկա սուրբ է։ [4] Թագաւորին զօրութիւնը իրաւունքը կը սիրէ՝ ՝։ Ուղղութիւն հաստատեցիր, Իրաւունք ու արդարութիւն ըրիր Յակոբին մէջ։ [5] Բարձրացուցէք Տէրը, մեր Աստուածը Ու երկրպագութիւն ըրէ՛ք անոր ոտքերուն պատուանդանին։ Անիկա սուրբ է։ [6] Մովսէսն ու Ահարոնը անոր քահանաներուն մէջ Եւ Սամուէլն անոր անունը կանչողներուն մէջ Տէրոջը կ’աղաղակէին։ Անիկա պատասխան կու տար անոնց։ [7] Ամպի սիւնին մէջէն կը խօսէր անոնց հետ։ Անոնք կը պահէին անոր վկայութիւնները Ու այն հրամանը, որ իրենց տուաւ։ [8] Ո՛վ Տէր, մեր Աստուածը, դուն կը լսէիր անոնց. Դո՛ւն, ո՛վ Աստուած, անոնց կը ներէիր, Թէպէտ վրէժխնդիր եղար անոնց գործերուն։ [9] Բարձրացուցէ՛ք Տէրը, մեր Աստուածը Ու երկրպագութիւն ըրէ՛ք անոր սուրբ լերանը վրայ. Վասն զի Տէրը, մեր Աստուածը, սուրբ է։
Չըլլայ որ ձեր մէջ այր մարդ կամ կին մարդ կամ ազգատոհմ կամ ցեղ մը գտնուի, որ իր սիրտը մեր Տէր Աստուծմէն խոտորեցնելով երթայ այն ազգերուն աստուածներուն ծառայութիւն ընէ. չըլլայ որ ձեր մէջ թոյն ու դառնութիւն բերող արմատ մը գտնուի։
[1] Արդ՝ կ’աղաչեմ ձեզի, եղբայրնե՛ր, Աստուծոյ ողորմութիւնովը, որ ձեր մարմինները ընծայէք կենդանի զոհ մը՝ սուրբ, Աստուծոյ հաճելի, որ է ձեր բանաւոր պաշտօնը։ [2] Եւ մի՛ կերպարանիք այս աշխարհին կերպարանքովը, հապա ձեր մտքին նորոգութիւնովը նորոգուեցէ՛ք, որպէս զի քննէք թէ ի՞նչ է Աստուծոյ կամքը, որ բարի ու հաճելի եւ կատարեալ է։
Սամուէլ ըսաւ. «Միթէ Տէրոջը առջեւ ողջակէզներն ու զոհերը Տէրոջը ձայնին հնազանդութիւն ընելու չափ հաճո՞յ են։ Ահա հնազանդութիւնը զոհէն ու խօսք մտիկ ընելը խոյերուն ճարպէն աղէկ է։
[8] Չորս կենդանիներէն իւրաքանչիւրը շուրջանակի վեց վեց թեւ ունէր ու ներսէն աչքերով լեցուն ու չէին հանգչեր ո՛չ ցորեկը ո՛չ ալ գիշերը՝ ըսելով. «Սուրբ, Սուրբ, Սուրբ Տէր Ամենակալ, որ էր եւ որ է եւ որ պիտի գայ»։ [9] Երբ այն կենդանիները փառք ու պատիւ եւ գոհութիւն կու տային աթոռին վրայ նստողին, որ կենդանի է յաւիտեանս յաւիտենից, [10] Քսանըչորս երէցները աթոռին առջեւ կ’իյնային ու երկրպագութիւն կ’ընէին յաւիտեանս յաւիտենից Կենդանի եղողին։ Իրենց պսակները աթոռին առջեւ կը ձգէին՝ ըսելով. «Արժանի ես, Տէ՛ր, փառք ու պատիւ եւ զօրութիւն առնելու, վասն զի ամէն բան դուն ստեղծեցիր եւ քու կամքովդ եղան ու ստեղծուեցան»։ [11] Աթոռին վրայ նստողին աջ ձեռքը գիրք մը տեսայ՝ ներսէն ու դուրսէն գրուած եւ եօթը կնիքով կնքուած։
Անոր համար Տէրը կ’ըսէ. «Այս ժողովուրդը ինծի բերնովը կը մօտենայ Եւ զիս շրթունքներովը կը պատուէ, Բայց անոնց սիրտը ինծմէ հեռու է Ու ինծմէ ունեցած վախերնին Մարդոց սորվեցուցած պատուիրանք մըն է.
[1] Տէրոջը տուէք, ո՛վ հզօրաց որդիներ, Տէրո՛ջը տուէք փառք ու զօրութիւն։ [2] Տէրո՛ջը տուէք իր անուան փառքը, Տէրոջը երկրպագութիւն ըրէ՛ք սրբութեան զարդարանքով։ [3] Տէրոջը ձայնը ջուրերուն վրայ է։ Փառաց Աստուածը կ’որոտայ։ Տէրը շատ ջուրերու վրայ է։ [4] Տէրոջը ձայնը ուժով է։ Տէրոջը ձայնը վեհափառութիւնով է։ [5] Տէրոջը ձայնը եղեւինները կը կոտրէ Ու Տէրը կը կոտրտէ Լիբանանի եղեւինները. [6] Զանոնք կը ցատկեցնէ հորթի պէս, Լիբանանը ու Սարիօնը՝ միեղջերուներու ձագի պէս։ [7] Տէրոջը ձայնը կրակին բոցերը կը ճեղքէ։ [8] Տէրոջը ձայնը կը դողացնէ անապատը։ Տէրը Կադէսի անապատը կը դողացնէ։ [9] Տէրոջը ձայնը եղնիկները կը ծնցնէ Ու անտառները կը մերկացնէ. Անոր տաճարին մէջ ամէնքն ալ անոր փառքը կը հռչակեն։ [10] Տէրը ջրհեղեղին վրայ կը նստի, Տէրը յաւիտեան թագաւոր պիտի ըլլայ։ [11] Տէրը իր ժողովուրդին զօրութիւն պիտի տայ, Տէրը իր ժողովուրդը խաղաղութիւնով պիտի օրհնէ։
[28] Ուստի անշարժ թագաւորութիւնը առած ըլլալով՝ ամուր բռնենք այն շնորհքը ու Աստուած պաշտենք հաճելի կերպով, ակնածութեամբ եւ բարեպաշտութեամբ. [29] Վասն զի մեր Աստուածը մաշող կրակ է։
[5] Յեսուն, Կադմիէլը, Բանին, Ասաբանիան, Սարաբիան, Ովդիան, Սաբանիան ու Փեթայիան ու Ղեւտացիները ըսին. «Ելէ՛ք, ձեր Տէր Աստուածը յաւիտեանս յաւիտենից օրհնեցէ՛ք»։ Եւ Եզրաս աղօթեց. «Օրհնեալ ըլլայ քու փառաւորեալ անունդ ու ամէն օրհնութենէ ու գոհութենէ բարձր ըլլայ։ [6] Դո՛ւն, միայն դո՛ւն Տէր ես. երկինքը, երկինքներու երկինքը եւ անոր բոլոր զօրքերը, երկիրն ու բոլոր անոր վրայ եղածները, ծովերն ու անոնց մէջ բոլոր եղածները դո՛ւն ստեղծեցիր եւ ամենուն դո՛ւն կենդանութիւն տուիր ու երկնքի զօրքերը քեզի կ’երկրպագէն։
[9] Բոլոր ազգերը, որոնք դուն ստեղծեցիր, պիտի գան Ու երկրպագութիւն ընեն քու առջեւդ, ո՛վ Տէր Եւ քու անուանդ փառք պիտի տան։ [10] Վասն զի դուն մեծ ես ու հրաշքներ կ’ընես։ Միայն դո՛ւն Աստուած ես։
[38] Ու ձեզի հետ ըրած ուխտս մի՛ մոռնաք եւ ուրիշ աստուածներէ մի՛ վախնաք. [39] Հապա ձեր Տէր Աստուծմէն վախցէք ու անիկա ձեր բոլոր թշնամիներուն ձեռքէն ձեզ պիտի ազատէ»։
[1] Աղաղակեցէ՛ք Տէրոջը, ո՛վ բոլոր երկիր։ [2] Ծառայեցէ՛ք Տէրոջը ուրախութեամբ. Անոր առջեւ կեցէք ցնծութեամբ։ [3] Ճանչցէ՛ք թէ Եհովան է Աստուած. Անիկա ստեղծեց մեզ ու ո՛չ թէ մենք՝ ՝. Մենք անոր ժողովուրդը ու անոր արօտին ոչխարներն ենք։ [4] Մտէ՛ք անոր դռները գոհութեամբ Ու անոր սրահները՝ օրհնութեամբ. Գոհացէ՛ք անկէ ու օրհնեցէ՛ք անոր անունը։ [5] Վասն զի Տէրը բարի է. Անոր ողորմութիւնը յաւիտեան է Ու անոր հաւատարմութիւնը՝ ազգէ մինչեւ ազգ։
[16] Պատասխան տուին Սեդրաքը, Միսաքն ու Աբեդնագովը ու թագաւորին ըսին. «Ո՛վ Նաբուգոդոնոսոր, այս բանին վրայով քեզի պատասխան տալու հարկաւորութիւն չունինք։ [17] Ահա մեր պաշտած Աստուածը մեզ բորբոքած կրակի հնոցէն ազատելու կարող է. քու ձեռքէդ ալ մեզ պիտի ազատէ, ո՛վ թագաւոր։ [18] Բայց քեզի յայտնի ըլլայ, ո՛վ թագաւոր, որ մենք քու աստուածներդ պիտի չպաշտենք եւ քու ոսկի արձանիդ երկրպագութիւն պիտի չընենք»։
Ան մեծ ձայնով կ’ըսէր. «Աստուծմէ վախցէ՛ք ու փա՛ռք տուէք անոր, վասն զի անոր դատաստանին ժամը եկաւ ու երկրպագութիւն ըրէ՛ք անոր՝ որ ստեղծեց երկինքը ու երկիրը եւ ծովը ու ջուրերուն աղբիւրները»։
Armenian Western Bible 1853
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ Bible Society in Lebanon, 1981