Աստվածաշնչի համարները թեմայի շուրջ

Թեմաներ
Աստված
Լավ բնավորություն
Վատ բնավորություն
Մեղքերը
Կյանք
Եկեղեցի
Առեղծվածներ
Հրեշտակներ և Դեմոններ
Մաթեմատիկական նշաններ
Լրացուցիչ
Աստված: [Օրհնություն]
Տուէ՛ք ու ձեզ պիտի տրուի։ Աղէկ չափով՝ կոխուած, ցնցուած, լեփլեցուն պիտի տրուի ձեր գոգը. քանզի այն չափով՝ որով դուք կը չափէք, ձեզի պիտի չափուի»։
Երանի՜ սգաւորներուն, վասն զի անոնք պիտի մխիթարուին։
Եւ իմ Աստուածս ձեր ամէն պիտոյքը պիտի լեցնէ իր ճոխութեանը չափովը, փառքով՝ Քրիստոս Յիսուսին ձեռքով։
Աստուած մեզ պիտի օրհնէ Ու երկրին բոլոր ծայրերը անկէ պիտի վախնան։
[24] ‘Տէրը օրհնէ քեզ եւ պահէ քեզ. [25] Տէրը պայծառացնէ իր երեսը քու վրադ ու ողորմի քեզի.
[6] Բանի մը համար հոգ մի՛ ընէք, հապա ամէն բանի մէջ աղօթքով ու աղաչանքով, գոհութիւնով մէկտեղ, ձեր խնդրանքը Աստուծոյ յայտնի ըլլայ։ [7] Աստուծոյ խաղաղութիւնը, որ ամէն մտքէ վեր է, ձեր սրտերը ու մտքերը Յիսուս Քրիստոսով պիտի պահպանէ։
Ամէն բարի տուրք ու ամէն կատարեալ պարգեւ վերէն է եւ լոյսի Հօրմէն կ’իջնէ, որուն մէջ բնաւ փոփոխութիւն կամ դառնալու շուք մը չկայ։
[7] «Օրհնեալ ըլլայ այն մարդը, որ Տէրոջը կ’ապաւինի Ու որուն յոյսը Տէրն է։ [8] Անիկա ջուրերուն քով տնկուած ծառի պէս պիտի ըլլայ, Որ իր արմատները գետի քով երկնցնելով՝ Տաքութեան գալը չի տեսներ. Հապա անոր տերեւը կանանչ կ’ըլլայ Ու երաշտութեան տարին նեղութիւն չի քաշեր Ու միշտ պտուղ պիտի տայ»։
Մի՛ վախնար, քանզի ես հիմա քեզի հետ եմ. Մի՛ զարհուրիր, վասն զի ես քու Աստուածդ եմ. Քեզ պիտի զօրացնեմ ու քեզի օգնութիւն պիտի ընեմ Ու իմ արդարութեանս աջովը քեզ պիտի բռնեմ։
Եւ անոր լեցունութենէն մենք ամէնքս շնորհք առինք շնորհքի տեղ։
[16] Ու ըսաւ. «Իմ անձիս վրայ երդում ըրի, կ’ըսէ Տէրը, որովհետեւ այս բանը ըրիր ու ինծի համար քու մէկ հատիկ որդիդ չխնայեցիր, [17] Քեզ օրհնելով պիտի օրհնեմ ու քու սերունդդ երկնքի աստղերուն ու ծովեզերքը եղող աւազին պէս խիստ պիտի շատցնեմ եւ քու սերունդդ իր թշնամիներուն քաղաքները պիտի ժառանգէ
[28] Ուստի Աստուած տայ քեզի երկնքի ցօղէն ու երկրի պարարտութենէն եւ ցորենի ու գինիի առատութիւն. [29] Թող ժողովուրդներ քեզի ծառայեն եւ ազգեր քեզի խոնարհութիւն ընեն. քու եղբայրներուդ տէրը եղիր եւ քու մօրդ որդիները քեզի խոնարհութիւն ընեն. քեզ անիծողը անիծեալ ըլլայ ու քեզ օրհնողը՝ օրհնեալ»։
[1] Երանելի է այն մարդը, Որ ամբարիշտներուն խորհուրդին մէջ չի քալեր, Ու մեղաւորներուն ճամբուն մէջ չի կենար, Եւ ծաղր ընողներուն նստած տեղը չի նստիր. [2] Հապա անոր հաճութիւնը Աստուծոյ օրէնքին մէջ է, Եւ ցորեկ ու գիշեր անոր օրէնքին վրայ կը մտածէ։ [3] Անիկա ջուրի ճամբաները տնկուած ծառի պէս պիտի ըլլայ, Որ իր ժամանակին իր պտուղը պիտի տայ. Ու անոր տերեւը պիտի չթափի, Եւ ինչ բան որ ընէ՝ պիտի յաջողի։
[1] Տէրը իմ հովիւս է. Ես բանի մը կարօտութիւն պիտի չունենամ։ [2] Զիս խոտաւէտ արօտներու մէջ կը պառկեցնէ, Հանդարտ ջուրերու քով ինծի կ’առաջնորդէ։ [3] Հոգիս կը նորոգէ։ Իր անուանը համար արդարութեան ճամբաներու մէջ կ’առաջնորդէ ինծի։ [4] Թէեւ մահուան շուքի ձորին մէջ ալ պտըտիմ, Չարէն պիտի չվախնամ, Վասն զի դուն ինծի հետ ես, Քու ցուպդ ու գաւազանդ՝ անոնք զիս պիտի մխիթարեն։
[3] Իմ Աստուածս իմ պարիսպս է, ես անոր կը յուսամ։ Անիկա իմ վահանս ու իմ փրկութեանս եղջիւրը, Իմ աշտարակս, իմ ապաւէնս ու ազատիչս է։ Զիս անիրաւութենէն դո՛ւն կ’ազատես։ [4] Օրհնեալ Տէրը կը կանչեմ Ու իմ թշնամիներէս կ’ազատիմ։
Գիտենք թէ ան, որ Աստուծմէ ծնած է՝ մեղք չի գործեր։ Ա՛ն որ Աստուծմէ ծնած է՝ իր անձը կը պահէ ու չարը անոր չի դպչիր։
Եթէ նեղութեան մէջ ալ քալեմ, Դուն զիս պիտի կենդանացնես, Իմ թշնամիներուս բարկութեանը դէմ Քու ձեռքդ պիտի երկնցնես Եւ քու աջ ձեռքդ զիս պիտի փրկէ։
Բայց կարող է Աստուած բոլոր շնորհքները ձեզի տալ, որպէս զի ամէն բանի մէջ ամէն ատեն բոլոր ձեզի պէտք եղածը ունենալով՝ բարիք գործէք առատութեամբ.
Աստուծոյ խաղաղութիւնը, որ ամէն մտքէ վեր է, ձեր սրտերը ու մտքերը Յիսուս Քրիստոսով պիտի պահպանէ։

Armenian Western Bible 1853
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ Bible Society in Lebanon, 1981