[27] Ամէն բան ինծի տրուեցաւ իմ Հօրմէս ու մէկը չի ճանչնար Որդին, բայց Հայրը եւ մէ՛կը չի ճանչնար Հայրը, բայց Որդին եւ ան՝ որուն Որդին կ’ուզէ յայտնել։ [28] Եկէ՛ք ինծի, բոլոր յոգնած ու բեռնաւորուածներ եւ ես ձեզ պիտի հանգչեցնեմ։ [29] Իմ լուծս ձեր վրայ առէք եւ ինծմէ սորվեցէք՝ որ հեզ եմ ու սրտով խոնարհ եւ ձեր անձերուն հանգստութիւն պիտի գտնէք. [30] Վասն զի իմ լուծս քաղցր է եւ իմ բեռս թեթեւ»։
[63] Հապա ի՞նչ պիտի խորհիք, եթէ տեսնէք Որդի մարդոյ ելլելը, ուր առաջ էր։ [64] Հոգին է կենդանի ընողը, մարմինը շահ մը չ’ըներ։ Այն խօսքերը որոնք ես ձեզի կը խօսիմ, հոգի ու կեանք են։ [65] Բայց ձեր մէջէն կան ոմանք, որ չեն հաւատար. վասն զի Յիսուս սկիզբէն գիտէր թէ որո՛նք չեն հաւատար եւ ո՞վ է ան, որ զինք պիտի մատնէ։
Եկէ՛ք ինծի, բոլոր յոգնած ու բեռնաւորուածներ եւ ես ձեզ պիտի հանգչեցնեմ։
«Հիմա եկէք վիճաբանինք, կ’ըսէ Տէրը. Եթէ ձեր մեղքերը կրկնակի կարմիրի պէս են, Ձիւնի պէս պիտի ճերմկնան Եւ եթէ որդան կարմիրի նման են, Ասրի պէս ճերմակ պիտի ըլլան։
[1] «Ո՛վ ծարաւցածներ, ջուրերուն եկէ՛ք Եւ ստակ չունեցողնե՛ր, եկէ՛ք, ծախու առէ՛ք ու կերէ՛ք. Եկէ՛ք, առանց ստակի եւ ձրի Գինի ու կաթ ծախու առէք։ [2] Ինչո՞ւ ձեր ստակը կը վատնէք ոչ թէ հացի համար Եւ ձեր վաստակը՝ այնպիսի բանի համար, որ չի կշտացներ. Ուշադրութեամբ ինծի մտիկ ըրէ՛ք, որպէս զի բարիքներ ուտէք Ու ձեր հոգին պարարտութեամբ զուարճանայ։ [3] Ձեր ականջը խոնարհեցուցէք ու ինծի եկէ՛ք. Մտիկ ըրէ՛ք ու ձեր հոգին պիտի ապրի։ Ձեզի հետ յաւիտենական ուխտ պիտի ընեմ, Դաւիթին մնայուն ողորմութիւնները ձեզի տալով ։
[7] Կե՛ղծաւորներ, աղէկ մարգարէութիւն ըրաւ ձեր վրայ Եսայի ու ըսաւ. [8] ‘Այս ժողովուրդը միայն շրթունքներովը զիս կը պատուէ, բայց իրենց սիրտը հեռացած, զատուած է ինծմէ. [9] Ու պարապ տեղը զիս կը պաշտեն՝ մարդոց պատուիրած բաները իբրեւ վարդապետութիւն սորվեցնելով’»։
[13] Մանր տղաք բերին իրեն. որպէս զի անոնց դպչի, բայց աշակերտները կը յանդիմանէին բերողները։ [14] Յիսուս երբ տեսաւ, սրդողելով անոնց ըսաւ. «Թող տուէք այդ մանր տղոցը, որ ինծի գան եւ մի՛ արգիլէք ատոնք, վասն զի Աստուծոյ թագաւորութիւնը այդպիսիներունն է։ [15] Ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի, ով որ Աստուծոյ թագաւորութիւնը պզտիկ տղու մը պէս չընդունի, բնաւ պիտի չմտնէ անոր մէջ»։ [16] Եւ զանոնք գիրկը առաւ, անոնց վրայ ձեռք դրաւ ու օրհնեց զանոնք։
[6] Սակայն աւելի շնորհք կու տայ. անոր համար կ’ըսէ. «Աստուած ամբարտաւաններուն հակառակ կը կենայ, բայց խոնարհներուն շնորհք կու տայ»։ [7] Ուստի հնազանդեցէ՛ք Աստուծոյ։ Սատանային հակառա՛կ կեցէք եւ անիկա ձեզմէ պիտի փախչի։ [8] Աստուծոյ մօտեցէ՛ք ու անիկա ձեզի պիտի մօտենայ։ Սրբեցէ՛ք ձեռքերնիդ, մե՛ղաւորներ եւ մաքրեցէք սրտերնիդ, ե՛րկմիտներ,
Ուրեմն եթէ մէկը Քրիստոսին մէջ է, անիկա նոր ստեղծուած մըն է։ Հիները անցան եւ ահա ամէն բան նոր եղաւ։
Ճշմարիտ ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի թէ ‘Ան որ իմ խօսքս մտիկ կ’ընէ եւ կը հաւատայ անոր որ զիս ղրկեց, յաւիտենական կեանք ունի ու դատապարտութեան տակ չիյնար, հապա մահուանէ դէպի կեանք անցած է’։
[1] Արդ՝ կ’աղաչեմ ձեզի, եղբայրնե՛ր, Աստուծոյ ողորմութիւնովը, որ ձեր մարմինները ընծայէք կենդանի զոհ մը՝ սուրբ, Աստուծոյ հաճելի, որ է ձեր բանաւոր պաշտօնը։ [2] Եւ մի՛ կերպարանիք այս աշխարհին կերպարանքովը, հապա ձեր մտքին նորոգութիւնովը նորոգուեցէ՛ք, որպէս զի քննէք թէ ի՞նչ է Աստուծոյ կամքը, որ բարի ու հաճելի եւ կատարեալ է։
Ուստի մենք ալ, որ այսչափ վկաներու բազմութեամբ շրջապատուած ենք, ամէն ծանրութիւն մեր վրայէն մէկդի ձգենք եւ մեզ դիւրաւ պաշարող մեղքը։ Համբերութիւնով վազենք մեր առջեւ դրուած ասպարէզի ընթացքը։
Քու ծառադ ու աղախինդ ձեր բոլորտիքը եղած ազգերէն պէտք է ըլլան։ Ծառայ ու աղախին անոնցմէ կրնաք ծախու առնել։
[8] Քեզի պիտի սորվեցնեմ ու երթալու ճամբադ պիտի ցուցնեմ քեզի. Քեզ պիտի խրատեմ՝ ՝, իմ աչքս քու վրադ պիտի ըլլայ։ [9] Ձիու պէս ու ջորիի պէս մի՛ ըլլաք, որոնք միտք չունին Ու իրենց սանձով ու պախուրցով կապելու ես, որպէս զի քեզի չմօտենան։ [10] Ամբարշտին տանջանքները շատ պիտի ըլլան, Սակայն սէրը պիտի պատէ Տէրոջը յուսացողին չորս կողմը։
Անոր համար Տէրը կ’ըսէ. «Այս ժողովուրդը ինծի բերնովը կը մօտենայ Եւ զիս շրթունքներովը կը պատուէ, Բայց անոնց սիրտը ինծմէ հեռու է Ու ինծմէ ունեցած վախերնին Մարդոց սորվեցուցած պատուիրանք մըն է.
Եւ դուք չէք ուզեր ինծի գալ, որ կեանք ունենաք։
[44] Մէկը չի կրնար ինծի գալ, եթէ զիս ղրկող Հայրը զանիկա չքաշէ ու ես անոր յարութիւն առնել պիտի տամ վերջին օրը [45] Մարգարէները գրած են եւ ամէն ոք ալ Աստուծմէ սորված պիտի ըլլայ։ Այն, որ Հօրմէս կը լսէ ու կը սորվի, ինծի կու գայ։
[37] Տօնին վերջին օրը Յիսուս կայներ էր, կ’աղաղակէր ու կ’ըսէր. «Եթէ մէկը ծարաւ է, թող ինծի գայ ու խմէ։ [38] Ան՝ որ ինծի հաւատայ՝ ինչպէս գիրքը կ’ըսէ. ‘Անոր փորէն կենդանի ջուրի գետեր պիտի բղխին’»։ [39] Այս ըսաւ Հոգիին համար, որ իրեն հաւատացողները պիտի առնէին, վասն զի Սուրբ Հոգին տրուած չէր տակաւին, քանզի Յիսուս դեռ փառաւորուած չէր։
[14] Արդ՝ մենք որ մեծ Քահանայապետ մը ունինք երկինքը գացած, Յիսուսը՝ Աստուծոյ Որդին՝ ամուր բռնենք մեր դաւանութիւնը։ [15] Քանզի ո՛չ թէ այնպիսի քահանայապետ մը ունինք՝ որ կարող չըլլայ մեր տկարութիւններուն կարեկից ըլլալ, հապա ինք ամէն կերպով փորձը առած է մեզի նման, բայց առանց մեղքի։ [16] Ուստի ա՛լ համարձակութիւնով մօտենանք շնորհաց աթոռին, որպէս զի ողորմութիւն ընդունինք ու շնորհք գտնենք պէտք եղած ատեն մեզի օգնելու։
[16] «Ես՝ Յիսուսս՝ իմ հրեշտակս ղրկեցի՝ այս բաները ձեզի վկայելու եկեղեցիներուն մէջ. ես Դաւիթին արմատէն ու ցեղէն եմ ու առաւօտեան պայծառ աստղը»։ [17] Եւ Հոգին ու հարսը կ’ըսեն. «Եկո՛ւր» եւ ան որ կը լսէ՝ թող ըսէ. «Եկո՛ւր» ու ան որ ծարաւ է՝ թող գայ եւ ան որ կ’ուզէ՝ կենաց ջուրը թող ձրի առնէ։
Այն ամէնը, որ Հայրը ինծի կու տայ, ինծի պիտի գան եւ ան, որ ինծի կու գայ, բնաւ դուրս պիտի չհանեմ։
Եւ Հոգին ու հարսը կ’ըսեն. «Եկո՛ւր» եւ ան որ կը լսէ՝ թող ըսէ. «Եկո՛ւր» ու ան որ ծարաւ է՝ թող գայ եւ ան որ կ’ուզէ՝ կենաց ջուրը թող ձրի առնէ։
[6] Ողբացէ՛ք, վասն զի Տէրոջը օրը մօտ է. Անիկա Ամենակարողէն եկած աւերման պէս պիտի գայ։ [7] Անոր համար բոլոր ձեռքերը պիտի թուլնան Ու ամէն մարդու սիրտ պիտի հալի։ [8] Անոնք պիտի սոսկան։ Նեղութիւն ու անձկութիւն պիտի տիրէ անոնց, Ծննդական կնոջ պէս ցաւ պիտի քաշեն։ Ամէն մարդ իր ընկերին վրայ պիտի նայի ու ապշի։ Անոնց երեսները բոցագոյն պիտի ըլլան։
Ուստի վար ձգուեցաւ մեծ վիշապը, այն առաջուան օձը, որ Բանսարկու ու Սատանայ կը կոչուի, որ բոլոր աշխարհ մոլորեցուց։ Իր հրեշտակներն ալ իրեն հետ վար ձգուեցան երկրի վրայ։
Այս մասին վստահ ըլլալով՝ թէ ան որ ձեր մէջ բարի գործ մը սկսաւ, մինչեւ Յիսուս Քրիստոսին օրը պիտի կատարէ։
Եւ ինք անոնց աչքերէն բոլոր արցունքները պիտի սրբէ եւ ա՛լ մահ պիտի չըլլայ։ Ո՛չ սուգ եւ ո՛չ աղաղակ եւ ո՛չ ցաւ պիտի ըլլայ ասկէ յետոյ, վասն զի առաջուան բաները անցան»։
[19] Ուրեմն, եղբա՛յրներ, համարձակութիւն ունինք սուրբ տեղը մտնելու Յիսուսին արիւնովը, [20] Այն նոր ու կենդանի ճամբովը՝ որ բացաւ մեզի վարագոյրին մէջէն, որ է իր մարմինը [21] Եւ մեծ քահանայ մը ունենալով Աստուծոյ տանը վրայ, [22] Մօտենանք ճշմարիտ սրտով, լեցուն հաւատքով սրտերնիս չար խիղճէն մաքրուած ու մարմիննիս մաքուր ջրով լուացուած.
Ամէն ով որ Տէրոջը անունը կանչէ, պիտի ազատի. Քանզի Տէրոջը ըսածին պէս՝ Սիօն լերանը վրայ ու Երուսաղէմի մէջ փրկութիւն պիտի ըլլայ, Այն մնացորդներուն մէջ ալ՝ որոնք Տէրը պիտի կանչէ»։
Սահման դրիր, որպէս զի չանցնին Ու նորէն երկիրը չծածկեն։
Աստուած երկրի վրայ նայեցաւ եւ ահա ապականած էր, վասն զի երկրի վրայ ամէն մարմին իր ճամբան ապականեր էր։
Բայց աղաւնին իր ոտքը դնելու տեղ չգտաւ ու տապանը դարձաւ. վասն զի բոլոր երկրին երեսը ջուրեր կային։ Այն ատեն Նոյ իր ձեռքը երկնցուց ու առաւ զանիկա եւ իր քով տապանին մէջ բերաւ։
Ձեզի հետ իմ ուխտս պիտի հաստատեմ, որ անգամ մըն ալ ամէն մարմին ջրհեղեղի ջուրերէն չկորսուի, ո՛չ ալ նորէն ջրհեղեղ պիտի ըլլայ երկիրը աւերելու համար»։
Ջուրերը տասնըհինգ կանգուն վեր բարձրացան եւ լեռները ծածկեցին։
Ջուրերը երթալով քիչցան մինչեւ տասներորդ ամիսը եւ տասներորդ ամսուան առաջին օրը լեռներուն գլուխները երեւցան։
Վայելչութիւնը սուտ է ու գեղեցկութիւնը ունայն է, Սակայն Տէրոջմէ վախցող կինը պիտի գովուի։
Armenian Western Bible 1853
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ Bible Society in Lebanon, 1981