Աստվածաշնչի համարները թեմայի շուրջ

Թեմաներ
Աստված
Լավ բնավորություն
Վատ բնավորություն
Մեղքերը
Կյանք
Եկեղեցի
Առեղծվածներ
Հրեշտակներ և Դեմոններ
Մաթեմատիկական նշաններ
Լրացուցիչ
Աստված: [Պատվիրաններ]
Պատուիրանքները գիտես. Շնութիւն մի՛ ըներ, Սպաննութիւն մի՛ ըներ, Գողութիւն մի՛ ըներ, Սուտ վկայութիւն մի՛ ըներ, Զրկանք մի՛ ըներ, Քու հայրդ ու մայրդ պատուէ»։
Պատուիրանքները գիտես. Շնութիւն մի՛ ըներ, Սպաննութիւն մի՛ ըներ, Գողութիւն մի՛ ըներ, Սուտ վկայութիւն մի՛ ըներ, Քու հայրդ ու մայրդ պատուէ»։
[34] Փարիսեցիները երբ լսեցին թէ անիկա պապանձեցուց սադուկեցիները, մէկտեղ ժողուեցան [35] Եւ անոնցմէ օրինական մը հարցուց, զանիկա փորձելով. [36] «Վա՛րդապետ, ո՞ր պատուիրանքը մեծ է օրէնքին մէջ»։ [37] Յիսուս ըսաւ. «Քու Տէր Աստուածդ սիրես քու բոլոր սրտովդ եւ քու բոլոր անձովդ ու քու բոլոր մտքովդ։ [38] Այս է առաջին ու մեծ պատուիրանքը։ [39] Ու երկրորդը՝ ասոր նման. ‘Քու ընկերդ սիրես քու անձիդ պէս’։ [40] Այս երկու պատուիրանքէն կախուած են բոլոր օրէնքը եւ մարգարէները»։
Վասն զի այն Մի՛ շնարը, Մի՛ սպանները, Մի՛ գողնարը, Սուտ վկայութիւն մի՛ ըները, Մի՛ ցանկարը եւ ուրիշ ինչ պատուէր որ կայ՝ բոլորը այս խօսքին մէջ կը բովանդակուի. «Քու ընկերդ սիրես քու անձիդ պէս»։
[16] Մէկը մօտենալով՝ ըսաւ անոր. «Բարի՛ վարդապետ, ի՞նչ բարի գործ գործեմ, որպէս զի յաւիտենական կեանքը ընդունիմ» [17] Անիկա ըսաւ անոր. «Ինչո՞ւ զիս բարի կ’անուանես. մէկէն զատ բարի չկայ, որ է Աստուած։ Եթէ կ’ուզես յաւիտենական կեանքը մտնել, պատուիրանքները պահէ»։ [18] Պատանին հարցուց. «Որո՞նք»։ Յիսուս ըսաւ. «Ասոնք. Սպաննութիւն մի ըներ, Շնութիւն մի՛ ըներ, Գողութիւն մի՛ ըներ, Սուտ վկայութիւն մի՛ ըներ, [19] Քու հայրդ ու մայրդ պատուէ եւ քու ընկերդ քու անձիդ պէս սիրէ»։
[36] «Վա՛րդապետ, ո՞ր պատուիրանքը մեծ է օրէնքին մէջ»։ [37] Յիսուս ըսաւ. «Քու Տէր Աստուածդ սիրես քու բոլոր սրտովդ եւ քու բոլոր անձովդ ու քու բոլոր մտքովդ։ [38] Այս է առաջին ու մեծ պատուիրանքը։ [39] Ու երկրորդը՝ ասոր նման. ‘Քու ընկերդ սիրես քու անձիդ պէս’։ [40] Այս երկու պատուիրանքէն կախուած են բոլոր օրէնքը եւ մարգարէները»։
[17] Իսկ մարդոցմէ զգուշացէք. վասն զի ձեզ ատեաններու պիտի մատնեն ու իրենց ժողովարաններուն մէջ ձեզ պիտի ծեծեն։ [18] Եւ իմ անուանս համար կուսակալներու ու թագաւորներու առջեւ պիտի տարուիք, անոնց եւ հեթանոսներուն վկայութիւն ըլլալու համար։ [19] Բայց երբ ձեզ մատնեն, հոգ մի՛ ընէք թէ ինչպէ՛ս կամ ի՛նչ պիտի խօսիք, վասն զի ձեզի պիտի տրուի այն ժամուն՝ ինչ որ պիտի խօսիք։ [20] Վասն զի ո՛չ թէ դուք էք որ պիտի խօսիք, հապա ձեր Հօրը Հոգին՝ որ ձեր ներսիդին կը խօսի։ [21] Եղբայրը իր եղբայրը մահուան պիտի մատնէ եւ հայրը՝ որդին. եւ որդիներ իրենց ծնողքներուն վրայ պիտի ելլեն ու մեռցնեն զանոնք։ [22] Իմ անուանս համար ամենուն ատելի պիտի ըլլաք. բայց ով որ մինչեւ վերջը համբերէ, անիկա պիտի ապրի։
[8] Բնա՛ւ մէկուն պարտական մի՛ գտնուիք, միայն մէկզմէկ սիրելու. վասն զի ո՛վ որ ընկերը կը սիրէ՝ օրէնքը կը կատարէ. [9] Վասն զի այն Մի՛ շնարը, Մի՛ սպանները, Մի՛ գողնարը, Սուտ վկայութիւն մի՛ ըները, Մի՛ ցանկարը եւ ուրիշ ինչ պատուէր որ կայ՝ բոլորը այս խօսքին մէջ կը բովանդակուի. «Քու ընկերդ սիրես քու անձիդ պէս»։ [10] Սէրը ընկերին գէշութիւն չըներ. ուրեմն օրէնքին լրումը սէրն է։ [11] Եւ այսպէս ըրէք, գիտնալով թէ ժամանակն է, որ քունէն արթննանք. վասն զի հիմա մօտ է մեզի փրկութիւնը՝ քան թէ այն ատեն որ հաւատացինք։ [12] Գիշերը շատ անցած է ու ցորեկը մօտեցած. ուստի մէկդի ընենք խաւարին գործերը ու մեր վրայ հագնինք լուսոյ զէնքերը։ [13] Որպէս զի ցորեկ ատեն՝ պարկեշտութեամբ պտըտինք, ո՛չ թէ անառակութիւններով ու գինովութիւններով եւ ո՛չ թէ խառնակ անկողիններով ու պղծութիւններով եւ ո՛չ թէ հակառակութիւնով ու նախանձով. [14] Հապա ձեր վրայ հագէք Տէր Յիսուս Քրիստոսը ու խնամք մի՛ տանիք մարմնին՝ ցանկութիւններու համար։
[28] Դպիրներէն մէկը եկաւ ու մտիկ կ’ընէր անոնց՝ երբ վիճաբանութիւն կ’ընէին ու երբ տեսաւ թէ աղէկ պատասխան տուաւ անոնց, հարցուց անոր ու ըսաւ. «Ո՞րն է բոլոր պատուիրանքներուն առաջինը»։ [29] Յիսուս պատասխանեց անոր. «Բոլոր պատուիրանքներուն առաջինը այս է. ‘Լսէ՛, ո՛վ Իսրայէլ, մեր Տէր Աստուածը մէկ Տէր է’. [30] ‘Եւ քու Տէր Աստուածդ սիրես քու բոլոր սրտովդ եւ քու բոլոր անձովդ ու քու բոլոր մտքովդ եւ քու բոլոր զօրութիւնովդ’։ Ասիկա է առաջին պատուիրանքը։ [31] Ու երկրորդը ասոր նման. ‘Քու ընկերդ սիրես քու անձիդ պէս’. ասոնցմէ մեծ ուրիշ պատուիրանք չկայ»։ [32] Դպիրը ըսաւ անոր. «Աղէկ, վա՛րդապետ, շիտակ խօսեցար թէ Աստուած մէկ է եւ անկէ զատ ուրիշ մը չկայ. [33] Եւ բոլոր սրտով ու բոլոր մտքով եւ բոլոր անձով ու բոլոր զօրութիւնով զանիկա սիրելը ու ընկերը իր անձին պէս սիրելը ամէն ողջակէզներէ ու զոհերէ աւելի է»։ [34] Յիսուս տեսնելով որ անիկա խելացութիւնով պատասխան տուաւ, ըսաւ անոր. «Աստուծոյ թագաւորութենէն հեռու չես»։ Եւ ա՛լ ուրիշ մէկը չէր համարձակեր անոր բան մը հարցնել։
Մովսէս հոն կեցաւ Տէրոջը հետ քառասուն օր ու քառասուն գիշեր։ Ո՛չ հաց կերաւ, ո՛չ ալ ջուր խմեց։ Տախտակներուն վրայ ուխտին խօսքերը գրեց, այսինքն տասը պատուիրանքները։
Իր ուխտը, տասը պատուիրանքները ձեզի իմացուց ու պատուիրեց, որ զանոնք ընէք եւ զանոնք երկու քարէ տախտակներու վրայ գրեց։
Տէրը տախտակներուն վրայ նոյն տասը խօսքերը գրեց, որոնք Տէրը ձեզի լերանը վրայ կրակին մէջէն խօսեցաւ ժողովին օրը։ Տէրը զանոնք ինծի տուաւ։
[7] «Ինծմէ զատ ուրիշ աստուածներ չունենաս։ [8] «Դուն քեզի կուռք չշինես, ո՛չ վերը երկնքի մէջ, կամ վարը՝ երկրի վրայ, կամ երկրի տակի ջուրերուն մէջ եղած բաներուն մէկ նմանութեամբը. [9] Անոնց երկրպագութիւն չընես ու զանոնք չպաշտես. վասն զի ես՝ քու Տէր Աստուածդ՝ նախանձոտ Աստուած եմ, որ կը հատուցանեմ հայրերուն անօրէնութիւնը որդիներուն, մինչեւ անոնց երրորդ ու չորրորդ ազգը, որոնք կ’ատեն զիս. [10] Եւ կ’ողորմիմ անոնց մինչեւ հազար ազգը, որոնք կը սիրեն զիս ու իմ պատուիրանքներս կը պահեն։ [11] «Տէրոջը՝ քու Աստուծոյդ՝ անունը պարապ տեղ բերանդ չառնես. վասն զի Տէրը իր անունը պարապ տեղ բերան առնողը անմեղ պիտի չսեպէ։ [12] «Հանգստութեան օրը զգուշութիւն ըրէ որ սուրբ պահես, ինչպէս քու Տէր Աստուածդ քեզի պատուիրեց։ [13] Վեց օր պիտի աշխատիս ու բոլոր գործերդ ընես. [14] Բայց եօթներորդ օրը Տէրոջը քու Աստուծոյդ հանգստութեան օրն է. այն օրը գործ մը չգործես, ո՛չ դուն, ո՛չ քու որդիդ, ո՛չ քու աղջիկդ, ո՛չ քու ծառադ ու աղախինդ, ո՛չ քու եզդ ու էշդ, ո՛չ քու անասունդ, ո՛չ ալ քու տանդ մէջ եղած օտարականը, որպէս զի քու ծառադ ու աղախինդ ալ քեզի պէս հանգստանան։ [15] Միտքդ բեր թէ դուն Եգիպտոսի երկրին մէջ ծառայ էիր ու քու Տէր Աստուածդ զօրաւոր ձեռքով ու բարձր բազուկով քեզ անկէ հանեց. անոր համար քու Տէր Աստուածդ քեզի պատուիրեց որ հանգստութեան օրը պահես։ [16] «Պատուէ՛ քու հայրդ ու մայրդ, ինչպէս քու Տէր Աստուածդ քեզի պատուիրեց, որպէս զի քու օրերդ երկար ըլլան ու քեզի աղէկ ըլլայ այն երկրին մէջ, որ քու Տէր Աստուածդ քեզի պիտի տայ։ [17] «Սպաննութիւն մի՛ ըներ։ [18] «Շնութիւն մի՛ ըներ։ [19] «Գողութիւն մի՛ ըներ։ [20] «Քու դրացիիդ դէմ սուտ վկայութիւն մի՛ ըներ։ [21] «Քու դրացիիդ կնոջ մի՛ ցանկար. քու դրացիիդ տանը կամ անոր արտին կամ անոր ծառային կամ անոր աղախինին կամ անոր եզին կամ անոր իշուն կամ քու դրացիիդ ոեւէ մէկ բանին մի՛ ցանկար»։ [22] Տէրը այս խօսքերը լերանը վրայ կրակին, ամպին ու մառախուղին մէջէն բարձր ձայնով ձեր բոլոր ժողովուրդին խօսեցաւ եւ ուրիշ բան չաւելցուց։ Երկու քարէ տախտակի վրայ գրեց զանոնք ու ինծի տուաւ։
Այն ատեն քու որդիիդ կարենաս ըսել. ‘Մենք Եգիպտոսի մէջ Փարաւոնին ծառայ էինք, բայց Տէրը զօրաւոր ձեռքով մեզ Եգիպտոսէն հանեց.
[1] «Այն ատեն Տէրը ինծի ըսաւ. ‘Քեզի նախորդներուն պէս երկու հատ քարէ տախտակ կոփէ՛ ու լեռը ինծի ելի՛ր ու նաեւ քեզի փայտէ տապանակ մը շինէ՛։ [2] Տախտակներուն վրայ քու կոտրած տախտակներուդ վրայի խօսքերը պիտի գրեմ։ Զանոնք տապանակին մէջ դի՛ր’։ [3] Ուստի ես Սատիմի փայտէ տապանակ մը շինեցի ու նախորդին պէս երկու քարէ տախտակ կոփեցի ու այն երկու տախտակները ձեռքս առնելով լեռը ելայ։ [4] Տէրը տախտակներուն վրայ նոյն տասը խօսքերը գրեց, որոնք Տէրը ձեզի լերանը վրայ կրակին մէջէն խօսեցաւ ժողովին օրը։ Տէրը զանոնք ինծի տուաւ։ [5] Անկէ դառնալով լեռնէն վար իջայ ու տախտակները իմ շինած տապանակիս մէջ դրի, որպէս զի հոն մնան, ինչպէս Տէրը ինծի պատուիրեց»։
[1] Աստուած այս բոլոր խօսքերը ըսաւ. [2] «Ես եմ Եհովան, քու Աստուածդ, որ քեզ Եգիպտոսի երկրէն, ծառայութեան տունէն, հանեցի։ [3] Ինծմէ զատ ուրիշ աստուածներ չունենաս։ [4] Դուն քեզի կուռք չշինես, ո՛չ վերը երկնքի մէջ, ո՛չ վարը երկրի վրայ, կամ երկրի տակի ջուրերուն մէջ եղած բաներուն մէկ նմանութիւնը. [5] Անոնց երկրպագութիւն չընես ու զանոնք չպաշտես. վասն զի ես քու Տէր Աստուածդ նախանձոտ Աստուած եմ, որ կը հատուցանեմ հայրերուն անօրէնութիւնը որդիներուն, մինչեւ անոնց երրորդ ու չորրորդ ազգը՝ որ կ’ատեն զիս [6] Եւ կ’ողորմիմ անոնց մինչեւ հազար ազգը՝ որ կը սիրեն զիս ու իմ պատուիրանքներս կը պահեն։ [7] Տէրոջը, քու Աստուծոյդ, անունը պարապ տեղ բերանդ չառնես. վասն զի Տէրը իր անունը պարապ տեղ բերան առնողը անմեղ պիտի չսեպէ։ [8] Հանգստութեան օրը միտքդ բեր՝ զանիկա սուրբ պահելու համար։ [9] Վեց օր պիտի աշխատիս ու բոլոր գործդ ընես. [10] Բայց եօթներորդ օրը Տէրոջը, քու Աստուծոյդ, հանգստութեան օրն է. այն օրը գործ մը չգործես, ո՛չ դուն, ո՛չ քու որդիդ, ո՛չ քու աղջիկդ, ո՛չ քու ծառադ ու աղախինդ, ո՛չ քու անասունդ, ո՛չ ալ տանդ մէջ եղած օտարականը. [11] Քանզի Տէրը վեց օրուան մէջ ըրաւ երկինքն ու երկիրը, ծովը ու բոլոր անոր մէջ եղածները եւ եօթներորդ օրը հանգստացաւ. անոր համար Տէրը օրհնեց հանգստութեան օրը ու սրբեց զանիկա։ [12] Պատուէ՛ քու հայրդ ու մայրդ, որպէս զի քու օրերդ երկայն ըլլան այն երկրին վրայ, որ քու Տէր Աստուածդ կու տայ քեզի։ [13] Սպաննութիւն մի՛ ըներ։ [14] Շնութիւն մի՛ ըներ։ [15] Գողութիւն մի՛ ըներ։ [16] Քու դրացիիդ դէմ սուտ վկայութիւն մի՛ ըներ։ [17] Քու դրացիիդ տանը մի՛ ցանկար. քու դրացիիդ կնոջը, կամ անոր ծառային, կամ անոր աղախինին, կամ անոր եզին, կամ անոր իշուն եւ քու դրացիիդ ոեւէ մէկ բանին մի՛ ցանկար»։
Տէրը ըսաւ Մովսէսին. «Ելի՛ր ինծի ու հոն կայնէ՛։ Քեզի պիտի տամ քարեղէն տախտակներն ու իմ դրած օրէնքս եւ պատուիրանքներս՝ որպէս զի անոնց սորվեցնես»։
[10] Տէրը ըսաւ. «Ահա ես ուխտ մը կ’ընեմ։ Քու բոլոր ժողովուրդիդ առջեւ այնպիսի սքանչելիքներ պիտի ընեմ, որ բոլոր երկրի վրայ ու բոլոր ազգերու մէջ եղած չեն։ Բոլոր ժողովուրդը, որուն մէջ ես դուն, պիտի տեսնես Տէրոջը գործը, քանզի հիանալի է այն բանը, որ քեզի պիտի ընեմ։ [11] Միտքդ պահէ ինչ որ ես քեզի կը պատուիրեմ այսօր։ Ահա պիտի վռնտեմ քու առջեւէդ Ամօրհացին ու Քանանացին եւ Քետացին ու Փերեզացին եւ Խեւացին ու Յեբուսացին։ [12] Զգուշացիր քու անձիդ, չըլլայ թէ քու երթալու երկրիդ բնակիչներուն հետ ուխտ ընես, չըլլայ որ անիկա քու մէջդ որոգայթ ըլլայ։ [13] Անոնց բագինները կործանեցէք ու անոնց կուռքերը փշրեցէք։ Անոնց Աստարովթները կոտրտեցէք։ [14] Վասն զի ուրիշ Աստուծոյ երկրպագութիւն պէտք չէ ընես, քանզի Եհովան Նախանձոտ կը կոչուի եւ նախանձոտ Աստուած է։ [15] Չըլլայ որ այն երկրին բնակիչներուն հետ ուխտ ընես եւ անոնք իրենց աստուածներուն ետեւէն երթալով պոռնկութիւն ըրած ատեննին ու իրենց աստուածներուն զոհ ըրած ատեննին քեզ կանչեն ու դուն անոնց զոհէն ուտես։ [16] Եւ չըլլայ որ անոնց աղջիկներէն քու որդիներուդ կին առնես ու անոնց աղջիկները իրենց աստուածներուն ետեւէն երթալով պոռնկութիւն ըրած ատեննին քու որդիներուդ ալ պոռնկութիւն ընել տան՝ իրենց աստուածներուն ետեւէն քալեցնելով ։ [17] Քեզի ձուլածոյ աստուածներ մի՛ շիներ։ [18] Բաղարջակերաց տօնը պահէ՛. Ապիպ ամսուան որոշ ժամանակի մէջ, քեզի պատուիրածիս պէս, եօթը օր բաղարջ պիտի ուտես. վասն զի Ապիպ ամսուան մէջ Եգիպտոսէն ելար։ [19] Ամէն մօրը արգանդը բացողը իմս է, մոյնպէս քու անասուններուդ ամէն արու առջինեկը, թէ՛ արջառ ըլլայ եւ թէ՛ ոչխար, իմս է ։ [20] Բայց իշուն առջինեկը գառնուկով փրկէ՛ եւ եթէ չփրկես, այն ատեն անոր վիզը պէտք է կտրես։ Քու որդիներուդ ամէն առջինեկը փրկէ՛ ու մէ՛կը իմ առջեւս ձեռնունայն չերեւնայ։ [21] Վեց օր պիտի գործես ու եօթներորդ օրը հանգստանաս. թէ՛ վարուցանի եւ թէ՛ հնձելու ատեն հանգստանաս։ [22] Շաբաթներուն, այսինքն ցորենի հունձքին երախայրիներուն տօնը ու տարուան վերջը՝ արմտիքները հաւաքելու տօնը բռնէ՛։ [23] Ձեր ամէն արու զաւակը տարին երեք անգամ Իսրայէլի Աստուծոյն, Եհովա Տէրոջը, առջեւ թող երեւնայ։ [24] Վասն զի քու առջեւէդ ազգերը պիտի վռնտեմ եւ քու սահմաններդ պիտի ընդարձակեմ։ Տարին երեք անգամ քու Տէր Աստուծոյդ առջեւ երեւնալու ելած ատենդ մէ՛կը քու երկրիդ պիտի չցանկայ։ [25] Իմ զոհերս խմորեալ հացով պէտք չէ նուիրես՝ ՝ ու զատկի տօնին զոհը մինչեւ առտու պէտք չէ մնայ։ [26] Քու երկրիդ երախայրիներուն առաջինները քու Տէր Աստուծոյդ տունը պէտք է բերես։ Ուլը իր մօրը կաթին մէջ պէտք չէ եփես»։ [27] Տէրը ըսաւ Մովսէսին. «Գրէ՛ այս խօսքերը. վասն զի այս խօսքերուն համեմատ քեզի հետ ու Իսրայէլին հետ ուխտ ըրի»։ [28] Մովսէս հոն կեցաւ Տէրոջը հետ քառասուն օր ու քառասուն գիշեր։ Ո՛չ հաց կերաւ, ո՛չ ալ ջուր խմեց։ Տախտակներուն վրայ ուխտին խօսքերը գրեց, այսինքն տասը պատուիրանքները։ [29] Երբ Մովսէս լեռնէն իջաւ, վկայութեան երկու տախտակները իր ձեռքն էին։ Մովսէս իր երեսին մորթին լուսափայլ ըլլալը չէր գիտեր, երբ Տէրը իրեն հետ խօսեցաւ։
[4] Ով Իսրայէլ, մտի՛կ ըրէ. մեր Տէր Աստուածը մի միայն՝ ՝ Տէր է։ [5] Քու Տէր Աստուածդ բոլոր սրտովդ, բոլոր հոգիովդ ու բոլոր զօրութիւնովդ սիրէ [6] Եւ այս խօսքերը որոնք ես այսօր քեզի պատուիրեցի, քու սրտիդ մէջ թող ըլլան [7] Ու զանոնք քու որդիներուդ կրկին անգամ սորվեցուր։ Թէ՛ տանդ մէջ նստած ատենդ, թէ՛ ճամբայ քալած ատենդ եւ թէ՛ պառկելու ու ելլելու ատենդ՝ անոնց վրայ խօսիր։ [8] Զանոնք նշանի համար ձեռքիդ վրայ կապէ ու ճակատնոցի համար աչքերուդ մէջտեղը թող ըլլան։ [9] Զանոնք քու տանդ դրանդիքներուն վրայ եւ դռներուդ վրայ գրէ։
[2] «Ես եմ Եհովան, քու Աստուածդ, որ քեզ Եգիպտոսի երկրէն, ծառայութեան տունէն, հանեցի։ [3] Ինծմէ զատ ուրիշ աստուածներ չունենաս։ [4] Դուն քեզի կուռք չշինես, ո՛չ վերը երկնքի մէջ, ո՛չ վարը երկրի վրայ, կամ երկրի տակի ջուրերուն մէջ եղած բաներուն մէկ նմանութիւնը. [5] Անոնց երկրպագութիւն չընես ու զանոնք չպաշտես. վասն զի ես քու Տէր Աստուածդ նախանձոտ Աստուած եմ, որ կը հատուցանեմ հայրերուն անօրէնութիւնը որդիներուն, մինչեւ անոնց երրորդ ու չորրորդ ազգը՝ որ կ’ատեն զիս [6] Եւ կ’ողորմիմ անոնց մինչեւ հազար ազգը՝ որ կը սիրեն զիս ու իմ պատուիրանքներս կը պահեն։ [7] Տէրոջը, քու Աստուծոյդ, անունը պարապ տեղ բերանդ չառնես. վասն զի Տէրը իր անունը պարապ տեղ բերան առնողը անմեղ պիտի չսեպէ։ [8] Հանգստութեան օրը միտքդ բեր՝ զանիկա սուրբ պահելու համար։ [9] Վեց օր պիտի աշխատիս ու բոլոր գործդ ընես. [10] Բայց եօթներորդ օրը Տէրոջը, քու Աստուծոյդ, հանգստութեան օրն է. այն օրը գործ մը չգործես, ո՛չ դուն, ո՛չ քու որդիդ, ո՛չ քու աղջիկդ, ո՛չ քու ծառադ ու աղախինդ, ո՛չ քու անասունդ, ո՛չ ալ տանդ մէջ եղած օտարականը. [11] Քանզի Տէրը վեց օրուան մէջ ըրաւ երկինքն ու երկիրը, ծովը ու բոլոր անոր մէջ եղածները եւ եօթներորդ օրը հանգստացաւ. անոր համար Տէրը օրհնեց հանգստութեան օրը ու սրբեց զանիկա։ [12] Պատուէ՛ քու հայրդ ու մայրդ, որպէս զի քու օրերդ երկայն ըլլան այն երկրին վրայ, որ քու Տէր Աստուածդ կու տայ քեզի։ [13] Սպաննութիւն մի՛ ըներ։ [14] Շնութիւն մի՛ ըներ։ [15] Գողութիւն մի՛ ըներ։ [16] Քու դրացիիդ դէմ սուտ վկայութիւն մի՛ ըներ։ [17] Քու դրացիիդ տանը մի՛ ցանկար. քու դրացիիդ կնոջը, կամ անոր ծառային, կամ անոր աղախինին, կամ անոր եզին, կամ անոր իշուն եւ քու դրացիիդ ոեւէ մէկ բանին մի՛ ցանկար»։
Երբ Սինա լերանը վրայ Մովսէսին հետ խօսիլը լմնցուց, վկայութեան երկու տախտակները տուաւ անոր, Աստուծոյ մատովը գրուած քարէ տախտակներ։
Եթէ զիս կը սիրէք, իմ պատուիրանքներս պահեցէ՛ք»։
Պատանին հարցուց. «Որո՞նք»։ Յիսուս ըսաւ. «Ասոնք. Սպաննութիւն մի ըներ, Շնութիւն մի՛ ըներ, Գողութիւն մի՛ ըներ, Սուտ վկայութիւն մի՛ ըներ,
Եթէ իմ պատուէրներս պահէք, իմ սիրոյս մէջ պիտի կենաք, ինչպէս ես իմ Հօրս պատուէրները պահեցի եւ անոր սիրոյն մէջ կեցեր եմ։
«Մի՛ կարծէք թէ ես եկայ օրէնքը կամ մարգարէները աւրելու։ Աւրելու չեկայ, հապա՝ կատարելու։
Մովսէս դարձաւ ու լեռնէն իջաւ։ Վկայութեան երկու տախտակները իր ձեռքն էին։ Տախտակներուն երկու կողմերը գրուած էին։ Թէ՛ մէկ կողմէն եւ թէ՛ միւս կողմէն գրուած էին։
[12] Այս է իմ պատուէրս, որ մէկզմէկ սիրէք, ինչպէս ես ձեզ սիրեցի։ [13] Ասկէ աւելի մեծ սէր մէ՛կը չի կրնար ունենալ, որ մէկը իր կեանքը բարեկամներուն համար դնէ։ [14] Դուք իմ բարեկամներս էք, եթէ ընելու ըլլաք ինչ որ ես ձեզի կը պատուիրեմ։ [15] Ասկէ ետքը ձեզ ծառայ չեմ անուաներ, վասն զի ծառան չի գիտեր թէ իր տէրը ի՞նչ կ’ընէ։ Ես ձեզ բարեկամ անուանեցի, վասն զի այն ամէն բաները որոնք իմ Հօրմէս լսեցի, ձեզի իմացուցի։ [16] Ո՛չ թէ դուք զիս ընտրեցիք, հապա ե՛ս ձեզ ընտրեցի ու դրի ձեզ որպէս զի դուք երթաք եւ պտուղ բերէք ու ձեր պտուղը մնայ, որպէս զի իմ անունովս ինչ որ Հօրմէս խնդրէք, ձեզի տայ։ [17] Ասիկա կը պատուիրեմ ձեզի, որ մէկզմէկ սիրէք»։
Տախտակները Աստուծոյ գործն էին։ Տախտակներու վրայ Աստուած գրած էր։
Տէրը ըսաւ Մովսէսին. «Գրէ՛ այս խօսքերը. վասն զի այս խօսքերուն համեմատ քեզի հետ ու Իսրայէլին հետ ուխտ ըրի»։
Armenian Western Bible 1853
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ Bible Society in Lebanon, 1981