Աստվածաշնչի համարները թեմայի շուրջ

Թեմաներ
Աստված
Լավ բնավորություն
Վատ բնավորություն
Մեղքերը
Կյանք
Եկեղեցի
Առեղծվածներ
Հրեշտակներ և Դեմոններ
Մաթեմատիկական նշաններ
Լրացուցիչ
Աստված: [Հայհոյել]
Ով որ իր հայրը կամ իր մայրը անիծէ, անշուշտ պէտք է մեռցուի. անիկա իր հայրը կամ իր մայրը անիծեց։ Անոր արիւնը իր վրայ ըլլայ։
«Բայց եթէ քու Տէր Աստուծոյդ խօսքին չհնազանդիս ու չպահես ու չընես անոր բոլոր պատուիրանքներն ու կանոնները, որոնք ես այսօր քեզի կը յայտնեմ, այն ատեն հետեւեալ անէծքները քու վրադ պիտի հասնին։
Իր հայրը կամ մայրը անիծողը անշուշտ պիտի մեռցուի։
Վա՜յ ինծի, ո՛վ մայրս, Որ զիս բոլոր երկրի համար Կռիւի մարդ ու վէճի մարդ ծնար. Ո՛չ ես շահով ստակ տուի, Ո՛չ ալ ինծի շահով ստակ տուին, Սակայն ամէնքը զիս կ’անիծեն։
Քրիստոս մեզ ծախու առաւ օրէնքին անէծքէն՝ ինք մեզի համար անիծուեցաւ. (վասն զի գրուած է թէ՝ «Անիծեալ է ան՝ որ փայտէ կը կախուի».)
Հազարներուն ողորմութիւն ընող, անօրէնութիւնը, յանցանքը ու մեղքը ներող, բայց յանցաւորը ամենեւին անպարտ չի թողուր, հայրերուն անօրէնութիւնը որդիներուն վրայ ու որդիներուն որդիներուն վրայ, մինչեւ երրորդ ու չորրորդ ազգը հատուցանելով»։
Ձեզ անիծողները օրհնեցէք, ձեզի նեղութիւն տուողներուն համար աղօթք ըրէք։
‘Տէրը երկայնամիտ է եւ առատ՝ ողորմութիւնով, անօրէնութիւնն ու յանցանքը ներող. բայց յանցաւորը ամենեւին անպարտ չի թողուր, հայրերուն անօրէնութիւնը որդիներուն վրայ՝ մինչեւ երրորդ ու չորրորդ ազգը հատուցանելով’։
Եւ Ադամին ըսաւ. «Որովհետեւ դուն քու կնոջդ խօսքը մտիկ ըրիր եւ այն ծառէն կերար, որուն համար պատուիրեցի քեզի՝ ըսելով՝ ‘Չուտես անկէ’, երկիրը քու պատճառաւդ անիծեա՛լ ըլլայ, կեանքիդ բոլոր օրերուն մէջ նեղութիւնով ուտես անկէ
Ինչպէս ճնճղուկը կը պտըտի ու ծիծեռնակը կը թռչի, Այնպէս ալ առանց պատճառի անէծք չի գար։
Անոնց երկրպագութիւն չընես ու զանոնք չպաշտես. վասն զի ես՝ քու Տէր Աստուածդ՝ նախանձոտ Աստուած եմ, որ կը հատուցանեմ հայրերուն անօրէնութիւնը որդիներուն, մինչեւ անոնց երրորդ ու չորրորդ ազգը, որոնք կ’ատեն զիս.
Ամուր կեցէք այն ազատութիւնով, որով Քրիստոս մեզ ազատեց եւ նորէն ծառայութեան լուծի տակ մի՛ մտնէք։
Անոնց երկրպագութիւն չընես ու զանոնք չպաշտես. վասն զի ես քու Տէր Աստուածդ նախանձոտ Աստուած եմ, որ կը հատուցանեմ հայրերուն անօրէնութիւնը որդիներուն, մինչեւ անոնց երրորդ ու չորրորդ ազգը՝ որ կ’ատեն զիս
Ուրեմն եթէ մէկը Քրիստոսին մէջ է, անիկա նոր ստեղծուած մըն է։ Հիները անցան եւ ահա ամէն բան նոր եղաւ։
Դուք Աստուծմէ էք, ո՛րդեակներ ու անոնց յաղթեցիք. քանզի մեծ է Հոգին որ ձեր մէջ է, քան թէ անիկա որ աշխարհի մէջ է։
[5] Դաւիթ թագաւորը մինչեւ Բաւուրիմ գնաց եւ ահա անկէ Սաւուղին ազգատոհմէն Գերային որդին Սեմէի անունով մարդ մը ելաւ, որ կ’անիծէր [6] Եւ Դաւիթին ու Դաւիթ թագաւորին բոլոր ծառաներուն քար կը նետէր։ Բոլոր ժողովուրդը ու բոլոր զօրաւոր մարդիկը թագաւորին աջ կողմէն ու ձախ կողմէն կ’երթային ։ [7] Եւ Սեմէի անոր անէծք տուած ատեն այսպէս կ’ըսէր. «Ելի՛ր, ելի՛ր, ո՛վ արիւնահեղ մարդ, ո՛վ անօրէն մարդ [8] Տէրը Սաւուղին տանը բոլոր արիւնը քու վրադ դարձուց, որ անոր տեղ թագաւոր եղար։ Տէրը թագաւորութիւնը քու որդիիդ Աբիսողոմին ձեռքը տուաւ։ Ահա քու չարիքդ քեզի հասաւ, քանզի դուն արիւնահեղ մարդ մըն ես»։
Անոր մարմինը ծառին վրայ գիշերը պէտք չէ մնայ, հապա նոյն օրը անպատճառ պէտք է թաղուի. վասն զի կախուածը Աստուծոյ անիծածն է, ուստի մի՛ պղծեր այն երկիրը, որ քու Տէր Աստուածդ քեզի կու տայ ժառանգելու համար»։
[5] Անոնց երկրպագութիւն չընես ու զանոնք չպաշտես. վասն զի ես քու Տէր Աստուածդ նախանձոտ Աստուած եմ, որ կը հատուցանեմ հայրերուն անօրէնութիւնը որդիներուն, մինչեւ անոնց երրորդ ու չորրորդ ազգը՝ որ կ’ատեն զիս [6] Եւ կ’ողորմիմ անոնց մինչեւ հազար ազգը՝ որ կը սիրեն զիս ու իմ պատուիրանքներս կը պահեն։
Փղշտացին ըսաւ Դաւիթին. «Միթէ ես շո՞ւն եմ, որ իմ վրաս ցուպով կու գաս» ու իր աստուածներովը Դաւիթը նզովեց։
Այն անձը որ մեղք կը գործէ, պիտի մեռնի։ Որդին հօրը անօրէնութիւնը պիտի չկրէ ու հայրը որդիին անօրէնութիւնը պիտի չկրէ։ Արդարին արդարութիւնը իր վրայ պիտի ըլլայ ու ամբարշտին ամբարշտութիւնը իր վրայ պիտի ըլլայ։
[29] Այն օրերը անգամ մըն ալ պիտի չըսեն. ‘Հայրերը ազոխ կերան Ու որդիներուն ակռաները առին’. [30] Հապա ամէն մարդ իր անօրէնութեանը համար պիտի մեռնի. Ով որ ազոխ ուտէ, Անոր ակռաները պիտի առնեն»։
Եւ կ’ողորմիմ անոնց մինչեւ հազար ազգը՝ որ կը սիրեն զիս ու իմ պատուիրանքներս կը պահեն։
[10] Ձեր մէջ թող չգտնուի այնպիսի մարդ մը, որ իր տղան կամ աղջիկը կրակէ անցընէ կամ բաղդ նայի կամ գուշակութիւն կամ հմայութիւն եւ կամ դիւթութիւն ընէ. [11] Նաեւ կախարդ կամ վհուկ կամ նշանագէտ կամ մեռելահմայ թող չգտնուի. [12] Վասն զի ով որ այս բաները ընէ, Տէրոջը առջեւ գարշելի կ’ըլլայ ու այս գարշելի բաներուն համար քու Տէր Աստուածդ քու առջեւէդ կը հալածէ զանոնք։
[37] Հապա այս ամէն բաներուն մէջ ա՛լ աւելի յաղթող կ’ըլլանք անո՛վ, որ մեզ սիրեց։ [38] Վասն զի ես հաստատ գիտեմ թէ ո՛չ մահը, ո՛չ կեանքը, ո՛չ հրեշտակները, ո՛չ իշխանութիւնները, ո՛չ զօրութիւնները, ո՛չ ներկայ բաները, ո՛չ գալու բաները, [39] Ո՛չ բարձրութիւնը, ո՛չ խորունկութիւնը եւ ո՛չ ուրիշ արարած կրնայ մեզ զատել Աստուծոյ սէրէն՝ որ Քրիստոս Յիսուս մեր Տէրոջմով է։
[8] Արթո՛ւն կեցէք, հսկեցէ՛ք, վասն զի ձեր հակառակորդը, Սատանան՝ մռնչող առիւծի պէս կը պտըտի ու կը փնտռէ թէ ո՛վ կլլէ։ [9] Անոր դէմ կեցէ՛ք հաւատքով հաստատուած, գիտնալով որ ձեր եղբայրներն ալ աշխարհի մէջ նոյն չարչարանքները կը կրեն։
[17] Եւ Ադամին ըսաւ. «Որովհետեւ դուն քու կնոջդ խօսքը մտիկ ըրիր եւ այն ծառէն կերար, որուն համար պատուիրեցի քեզի՝ ըսելով՝ ‘Չուտես անկէ’, երկիրը քու պատճառաւդ անիծեա՛լ ըլլայ, կեանքիդ բոլոր օրերուն մէջ նեղութիւնով ուտես անկէ [18] Եւ փուշ ու տատասկ բուսցնէ քեզի եւ դաշտին խոտը ուտես։ [19] Երեսիդ քրտինքովը ուտես քու հացդ, մինչեւ գետինը դառնալդ, ուրկէ առնուեցար. քանզի հող էիր դուն ու հողի պիտի դառնաս»։
[10] Տէրը ըսաւ. «Ի՞նչ ըրիր, քու եղբօրդ արեան ձայնը գետնէն ինծի կը բողոքէ։ [11] Դուն անիծեալ ես երկրէն, որ իր բերանը բացաւ եղբօրդ արիւնը քու ձեռքէդ ընդունելու։ [12] Երբ երկիրը մշակես, այսուհետեւ իր արդիւնքը պիտի չտայ քեզի, երկրի մէջ աստանդական ու թափառական ըլլաս»։
[18] Նոյին որդիները, որոնք տապանէն ելան, Սէմ, Քամ ու Յաբեթ էին։ Եւ Քամ Քանանի հայրն էր։ [19] Այս երեքը Նոյի որդիներն էին եւ ասոնցմէ բոլոր երկիրը տարածուեցան։ [20] Նոյ առաջին երկրագործն էր։ Այգի տնկեց։ [21] Գինիէն խմեց ու գինովցաւ եւ իր վրանին մէջ մերկացաւ։ [22] Եւ Քանանի հայրը՝ Քամ՝ իր հօրը մերկութիւնը տեսաւ ու դուրս ելաւ իր երկու եղբայրներուն պատմեց։ [23] Սէմ ու Յաբեթ հանդերձ առին եւ իրենց երկուքին ուսերուն վրայ դրին ու ետ ետ երթալով իրենց հօրը մերկութիւնը ծածկեցին եւ իրենց երեսը ետեւ դարձած ըլլալով՝ իրենց հօրը մերկութիւնը չտեսան։ [24] Նոյ իր գինիէն արթննալով՝ իր պզտիկ որդիին իրեն ըրածը իմացաւ [25] Ու ըսաւ. «Անիծեալ ըլլայ Քանան. իր եղբայրներուն ծառաներուն ծառայ ըլլայ»։ [26] Նաեւ ըսաւ. «Օրհնեալ ըլլայ Սէմին Տէր Աստուածը եւ Քանան անոր ծառան ըլլայ։ [27] Աստուած թող ընդարձակէ Յաբեթը ու Սէմին վրանները բնակի եւ Քանան անոր ծառան ըլլայ»։
[32] Տէրը անոր թափած արիւնը անոր գլուխը կը դարձնէ. որովհետեւ անիկա առանց իմ հօրս Դաւիթին գիտութեանը երկու՝ իրմէ արդար ու աղէկ՝ մարդոց, Իսրայէլի սպարապետին Ներեան Աբեններին ու Յուդայի սպարապետին՝ Յեթերեան Ամեսայիին վրայ յարձակեցաւ ու զանոնք սրով մեռցուց։ [33] Ուստի անոնց արիւնը Յովաբին գլուխը ու անոր սերունդին գլուխը դառնայ յաւիտեան. բայց Դաւիթին ու անոր սերունդին եւ անոր տանն ու անոր աթոռին՝ Տէրոջը կողմանէ յաւիտեան խաղաղութիւն ըլլայ»։ [34] Եւ Յովիադայի որդին Բանիան ելաւ ու Յովաբի վրայ յարձակեցաւ ու զանիկա մեռցուց եւ անիկա անապատին մէջ իր տունը թաղուեցաւ։ [35] Թագաւորը անոր տեղ զօրքերուն վրայ Յովիադայի որդին Բանիան դրաւ ու թագաւորը Սադովկ քահանան Աբիաթարին տեղը դրաւ։ [36] Թագաւորը մարդ ղրկեց, Սեմէին կանչեց ու ըսաւ. «Քեզի Երուսաղէմի մէջ տուն մը շինէ ու հոն նստէ, բայց անկէ ասդին կամ անդին մի՛ ելլեր, [37] Քանզի աղէկ գիտցիր, եթէ ելլես ու Կեդրոն հեղեղատը անցնիս, նոյն օրը անպատճառ պիտի մեռնիս ու քու արիւնդ քու գլուխդ պիտի ըլլայ»։ [38] Սեմէի թագաւորին ըսաւ. «Այս խօսքդ բարի է. իմ թագաւոր տէրս ի՛նչպէս ըսաւ՝ քու ծառադ ա՛յնպէս պիտի ընէ»։ Ուստի Սեմէի շատ օրեր Երուսաղէմի մէջ նստաւ։ [39] Երեք տարիէն ետքը Սեմէիին երկու ծառաները Գէթի թագաւորին Մաաքայի որդիին Անքուսին քով փախան ու Սեմէիին իմացուցին՝ ըսելով. «Ահա քու ծառաներդ Գէթի մէջ են»։ [40] Սեմէի ելաւ ու իշուն համետը դրաւ ու իր ծառաները փնտռելու համար Գէթ գնաց Անքուսին քով։ Սեմէի գնաց ու իր ծառաները Գէթէն բերաւ։ [41] Երբ Սեմէիին Երուսաղէմէն Գէթ երթալն ու դառնալը Սողոմոնին պատմեցին, [42] Այն ատեն թագաւորը մարդ ղրկեց ու Սեմէին կանչեց ու անոր ըսաւ. «Չէ՞ որ քեզի Տէրոջմով երդում ընել տուի եւ քեզի վկայութիւն ըրի ու ըսի թէ՝ ‘Աղէկ գիտցիր որ Երուսաղէմէն ելած ու ասդին անդին գացած օրդ անպատճառ պիտի մեռնիս’ ու դուն ինծի՝ ‘Լսած խօսքս բարի է’, ըսիր. [43] Ուրեմն ինչո՞ւ համար Տէրոջը երդումին ու քեզի տուած պատուէրիս հնազանդութիւն չըրիր»։ [44] Թագաւորը Սեմէիին ըսաւ. «Դուն իմ հօրս Դաւիթին դէմ քու ըրած բոլոր չարութիւնդ գիտես, որուն քու սիրտդ ալ կը վկայէ՝ ՝. ուստի Տէրը քու չարութիւնդ քու գլուխդ պիտի դարձնէ. [45] Բայց Սողոմոն թագաւորը օրհնեալ ու Դաւիթին աթոռը Տէրոջը առջեւ յաւիտեան հաստատ պիտի ըլլայ»։ [46] Թագաւորը Յովիադայի որդիին Բանիային հրաման տուաւ ու անիկա ելաւ ու զարկաւ զանիկա, որ մեռաւ։ Թագաւորութիւնը Սողոմոնին ձեռքին մէջ հաստատուեցաւ։
Անոր կինը ըսաւ անոր. «Դուն տակաւին քու կատարելութեանդ մէջ հաստատ կը կենա՞ս. Աստուծոյ հայհոյէ ու մեռիր»։
Իմ շունչս ատելի եղաւ կնոջս Ու իմ աղաչանքներս՝ իմ մօրս որովայնին որդիներուն։
Չէ՞ որ դուն անոր ու անոր տանը եւ անոր ամէն ունեցածներուն շուրջը ցանկով պատեցիր, անոր ձեռքերուն գործերը օրհնեցիր ու անոր ստացուածքը երկրի վրայ շատցաւ։
[10] Ալ ասկէ յետոյ, եղբա՛յրներս, զօրացէ՛ք Տէրոջմով ու անոր զօրութեան կարողութիւնովը։ [11] Ձեր վրայ հագէք Աստուծոյ սպառազինութիւնը, որպէս զի կարող ըլլաք Սատանային հնարքներուն դէմ դնել։ [12] Վասն զի մեր պատերազմը արիւնի ու մարմնի հետ չէ, հապա իշխանութիւններու ու պետութիւններու հետ եւ այս խաւար աշխարհին՝ ՝ իշխաններուն հետ, երկնաւորներուն մէջ եղող չար ոգիներուն հետ։ [13] Ասոր համար ձեր վրայ առէք Աստուծոյ սպառազինութիւնը, որպէս զի կարող ըլլաք չարութեան օրը դէմ դնել [14] Ու ամէն բան լմնցնելէ յետոյ՝ հաստատուն կայնիլ։ Ուստի ձեր տեղը կայնեցէք, մէջքերնիդ ճշմարտութեամբ ամրացնելով ու արդարութեան զրահը հագնելով [15] Ու ոտքերնուդ ամրացուցէ՛ք խաղաղութեան աւետարանին պատրաստութիւնը [16] Եւ ամէն բանի վրայ հաւատքին վահանը առէ՛ք, որով կարող պիտի ըլլաք չարին բոլոր կրակոտ նետերը մարել [17] Եւ փրկութեան սաղաւարտը առէ՛ք ու Հոգիին սուրը՝ որ Աստուծոյ խօսքն է։
Բայց ես ձեզի կ’ըսեմ. «Ով որ իր եղբօրը պարապ տեղը սրդողի, դատաստանի պարտաւոր պիտի ըլլայ։ Ով որ իր եղբօրը Յիմար ըսէ, ատեանին պարտաւոր պիտի ըլլայ։ Ով որ իր եղբօրը Անմիտ ըսէ, գեհենի կրակին պարտաւոր պիտի ըլլայ։
Վասն զի ամէնքը մեղք գործեցին եւ Աստուծոյ փառքէն պակսեցան.
Քանզի մեղքին վարձքը մահ է, բայց Աստուծոյ ձրի պարգեւը յաւիտենական կեանք՝ մեր Տէրոջը Յիսուս Քրիստոսին ձեռքով։
Ու ըսաւ. «Անիծեալ ըլլայ Քանան. իր եղբայրներուն ծառաներուն ծառայ ըլլայ»։
Սահման դրիր, որպէս զի չանցնին Ու նորէն երկիրը չծածկեն։
Աստուած երկրի վրայ նայեցաւ եւ ահա ապականած էր, վասն զի երկրի վրայ ամէն մարմին իր ճամբան ապականեր էր։
Ջուրերը տասնըհինգ կանգուն վեր բարձրացան եւ լեռները ծածկեցին։
[5] Ջուրերը երթալով քիչցան մինչեւ տասներորդ ամիսը եւ տասներորդ ամսուան առաջին օրը լեռներուն գլուխները երեւցան։ [6] Քառասուն օր ետքը Նոյ իր շինած տապանին պատուհանը բացաւ [7] Եւ ագռաւ մը արձակեց, որ ելաւ ու ասդին անդին կը պտըտէր՝ մինչեւ երկրի վրայէն ջուրերուն ցամքիլը։ [8] Աղաւնի մըն ալ քովէն արձակեց, որպէս զի տեսնէ թէ արդեօք երկրին վրայէն ջուրերը քիչցա՞ծ են։ [9] Բայց աղաւնին իր ոտքը դնելու տեղ չգտաւ ու տապանը դարձաւ. վասն զի բոլոր երկրին երեսը ջուրեր կային։ Այն ատեն Նոյ իր ձեռքը երկնցուց ու առաւ զանիկա եւ իր քով տապանին մէջ բերաւ։
Ձեզի հետ իմ ուխտս պիտի հաստատեմ, որ անգամ մըն ալ ամէն մարմին ջրհեղեղի ջուրերէն չկորսուի, ո՛չ ալ նորէն ջրհեղեղ պիտի ըլլայ երկիրը աւերելու համար»։
Ձեզ հալածողները օրհնեցէ՛ք եւ մի՛ անիծէք.
Armenian Western Bible 1853
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ Bible Society in Lebanon, 1981