Աստվածաշնչի համարները թեմայի շուրջ

Թեմաներ
Աստված
Լավ բնավորություն
Վատ բնավորություն
Մեղքերը
Կյանք
Եկեղեցի
Առեղծվածներ
Հրեշտակներ և Դեմոններ
Մաթեմատիկական նշաններ
Լրացուցիչ
Աստված: [Ֆինանսական օրհնություն]
Աղքատացնողն ու հարստացնողը, Ցածցնողն ու բարձրացնողը Տէրն է։
Քանզի դուք գիտէք մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսին շնորհքը, թէ ինք ձեզի համար աղքատ եղաւ՝ ան որ հարուստ էր, որպէս զի դուք անոր աղքատանալովը հարստանաք։
Սիրելիս, աղօթք կ’ընեմ որ ամէն կողմէ յաջողիս ու առողջ ըլլաս, ինչպէս քու հոգիդ ալ յաջողութեան մէջ է։
Ձեռքդ ինչ որ գտնէ ընելու, Բոլոր ուժովդ ըրէ, Քանզի գերեզմանիդ մէջ Գործ, խորհուրդ, գիտութիւն ու իմաստութիւն չկայ։
Բայց բարիք գործելէն չձանձրանանք, քանզի յարմար ժամանակին պիտի հնձենք՝ եթէ չթուլնանք։
Աբրամ շատ հարուստ էր անասուններով, արծաթով ու ոսկիով։
Իմ ժողովուրդս գիտութիւն չունենալուն համար բնաջինջ եղաւ. Որովհետեւ դուն գիտութիւնը մերժեցիր, Ես ալ քեզ պիտի մերժեմ, որպէս զի անգամ մըն ալ ինծի քահանայ չըլլաս։ Որովհետեւ քու Աստուծոյդ օրէնքը մոռցար, Ես ալ քու որդիներդ պիտի մոռնամ։
Արդ՝ ամէն բանէ առաջ, եղբայրնե՛րս, երդում մի՛ ընէք, ո՛չ երկնքի վրայ, ո՛չ երկրի վրայ, ո՛չ ալ ուրիշ երդում մը. հապա ձեր Այոն այո ըլլայ եւ Ոչը՝ ոչ, որ չըլլայ թէ դատապարտութեան տակ իյնաք։
Երբ կշտացան, ըսաւ իր աշակերտներուն. «Ժողվեցէ՛ք աւելցած կտորուանքները, որպէս զի բան մը չկորսուի»։
Տուէ՛ք ու ձեզ պիտի տրուի։ Աղէկ չափով՝ կոխուած, ցնցուած, լեփլեցուն պիտի տրուի ձեր գոգը. քանզի այն չափով՝ որով դուք կը չափէք, ձեզի պիտի չափուի»։
Քանզի ձեր գանձը ուր որ է, սրտերնիդ ալ հոն պիտի ըլլայ»։
Տէրոջ օրհնութիւնն է, որ հարստութիւն կու տայ Ու անոր հետ տրտմութիւն չի խառներ։
Ժողովուրդը առանց խոհականութեան կը կործանի, Բայց խորհրդականներու բազմութեամբ փրկութիւն կ’ըլլայ։
Աղքատին ողորմութիւն ընողը Տէրոջը փոխ կու տայ Ու անիկա անոր հատուցում պիտի ընէ։
Ուրախութիւն սիրողը կարօտութեան մէջ կ’իյնայ, Գինին ու իւղը սիրողը չի հարստանար։
Աղէկ աչք ունեցողը օրհնեալ կ’ըլլայ, Վասն զի իր հացէն աղքատին կու տայ։
[22] Չար աչք ունեցող մարդը հարուստ ըլլալու կ’արտորայ, Ու չի գիտեր թէ իր վրայ աղքատութիւն պիտի գայ։ [23] Մարդ յանդիմանողը վերջապէս շնորհք կը գտնէ Լեզուով շողոքորթութիւն ընողէն աւելի։ [24] Ան որ իր հայրը կամ մայրը կը կողոպտէ եւ կ’ըսէ՝ «Յանցանք չէ», Անիկա ապականող մարդուն ընկերն է։ [25] Հպարտ սիրտ ունեցող մարդը կռիւ կը հանէ, Բայց Տէրոջը ապաւինողը պիտի գիրնայ։ [26] Իր սրտին ապաւինողը անմիտ է, Բայց իմաստութեամբ քալողը պիտի ազատի։ [27] Աղքատին տուողը կարօտ չըլլար, Բայց անկէ երես դարձնողը շատ անէծքներ պիտի առնէ ։
Տէրոջն է երկիրն ու անոր լիութիւնը։ Աշխարհն ու անոր բնակիչները։
Բայց առաջ խնդրեցէք Աստուծոյ թագաւորութիւնը եւ անոր արդարութիւնը ու այդ բոլոր բաներն ալ ձեզի պիտի տրուին։
Վա՜յ ձեզի, կեղծաւո՛ր դպիրներ ու փարիսեցիներ, որ անանուխին ու սամիթին եւ չամանին տասանորդը կը վճարէք ու կը ձգէք օրէնքին ծանր ծանր բաները, դատաստանը եւ ողորմութիւնը ու հաւատքը. ասոնք պէտք է ընէիք եւ զանոնք չձգէիք։
Տէրը ըսաւ անոր. «Ապրի՛ս, բարի ու հաւատարիմ ծառայ. դուն որ քիչ բանի մէջ հաւատարիմ եղար, քեզ շատ բաներու վրայ պիտի կեցնեմ. մտիր քու տիրոջդ ուրախութեանը մէջ»։
Բնա՛ւ մէկուն պարտական մի՛ գտնուիք, միայն մէկզմէկ սիրելու. վասն զի ո՛վ որ ընկերը կը սիրէ՝ օրէնքը կը կատարէ.
[9] Տէրը պատուէ քու ստացուածքովդ եւ քու բոլոր բերքերուդ երախայրիներով [10] Եւ քու շտեմարաններդ առատութիւնով պիտի լեցուին Ու հնձաններէդ նոր գինին դուրս պիտի թափի։
[1] Աչքերս դէպի լեռները պիտի վերցնեմ, Ուրկէ իմ օգնութիւնս պիտի գայ։ [2] Իմ օգնութիւնս Տէրոջմէն է, Որ երկինքը ու երկիրը ստեղծեց։
[22] Յիսուս պատասխան տալով՝ ըսաւ անոնց. «Աստուծոյ վրայ հաւատք ունեցէք. [23] Քանզի ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի, ‘Ով որ այս լերան ըսէ՝ «Ելի՛ր ու ծովը ինկի՛ր» եւ իր սրտին մէջ չերկմտի, հապա հաւատայ թէ ի՛նչ որ ըսէ՝ կ’ըլլայ, պիտի ըլլայ անոր ինչ որ ըսէ’։
[26] Աստուած ըսաւ. «Մեր պատկերին ու նմանութեանը պէս մարդ ընենք։ Ան ծովու ձուկերուն ու երկնքի թռչուններուն եւ անասուններուն ու բոլոր երկրի ու սողացող բոլոր սողուններուն վրայ թող իշխէ»։ [27] Աստուած՝ իր պատկերովը ստեղծեց մարդը. Աստուծոյ պատկերովը ստեղծեց զանիկա, արու եւ էգ ստեղծեց զանոնք։
[6] Բայց ասիկա կ’իմացնեմ թէ՝ ան որ խնայելով կը սերմանէ՝ խնայելով պիտի հնձէ ու ան որ առատութիւնով կը սերմանէ՝ առատութիւնով պիտի հնձէ։ [7] Ամէն մէկը ինչպէս իր սրտովը կը յօժարի՝ թող այնպէս տայ, ո՛չ թէ տրտմութեամբ կամ ստիպմամբ. վասն զի Աստուած յօժարակամ տուողը կը սիրէ։ [8] Բայց կարող է Աստուած բոլոր շնորհքները ձեզի տալ, որպէս զի ամէն բանի մէջ ամէն ատեն բոլոր ձեզի պէտք եղածը ունենալով՝ բարիք գործէք առատութեամբ.
[28] Վասն զի ձեզմէ ո՞վ եթէ աշտարակ մը շինել ուզէ, առաջ չի նստիր ու հաշիւ ըներ ծախքը, ճշդելու համար թէ զանիկա լմնցնելու կարողութիւն ունի՞. [29] Որ չըլլայ թէ երբ հիմը ձգէ ու չկրնայ լմնցնել, բոլոր տեսնողները սկսին զինք ծաղրել [30] Եւ ըսել թէ ‘Այս մարդը սկսաւ շինել ու չկրցաւ լմնցնել’։
[34] Եթէ այնպիսի մարդոց փոխ տաք՝ որոնցմէ յոյս ունիք ետ առնելու. ի՞նչ շնորհք կ’ունենաք. վասն զի մեղաւորներն ալ մեղաւորներուն փոխ կու տան, որպէս զի նոյն չափով ետ առնեն։ [35] Այլ սիրեցէք դուք ձեր թշնամիները ու բարիք ըրէք եւ փոխ տուէք առանց փոխարէնը բան մը սպասելու եւ ձեր վարձքը շատ պիտի ըլլայ ու Բարձրեալին որդիները պիտի ըլլաք, վասն զի անիկա բարերար է ապերախտներուն ու չարերուն։ [36] Ուրեմն գթած եղէք, ինչպէս ձեր Հայրն ալ գթած է»։
[1] Աղէ՜ հիմա, հարուստներ, լացէ՛ք, ողբացէ՛ք ան թշուառութիւններուն համար՝ որոնք ձեր վրայ պիտի գան։ [2] Ձեր հարստութիւնը ապականած է ու ձեր հանդերձները՝ ցեցի կերակուր եղած։ [3] Ձեր ոսկին ու արծաթը ժանգոտած են եւ անոնց ժանգը ձեզի դէմ վկայ պիտի ըլլայ ու ձեր մարմինը պիտի ուտէ կրակի պէս։ Վերջին օրերուն համար գանձ դիզեցիք։
[1] Տէրը ըսաւ Աբրամին. «Քու երկրէդ եւ քու ազգականներէդ ու քու հօրդ տունէն գնա՛ այն երկիրը, որ ես քեզի պիտի ցուցնեմ։ [2] Քեզ մեծ ազգ պիտի ընեմ ու քեզ պիտի օրհնեմ եւ քու անունդ պիտի մեծցնեմ ու դուն օրհնեալ պիտի ըլլաս։ [3] Քեզ օրհնողները պիտի օրհնեմ ու քեզ անիծողները պիտի անիծեմ ու երկրի բոլոր ազգերը քեզմով պիտի օրհնուին»։ [4] Աբրամ գնաց ինչպէս Տէրը իրեն ըսեր էր։ Ղովտն ալ անոր հետ գնաց։ Աբրամ եօթանասունըհինգ տարեկան էր երբ Խառանէն ելաւ։ [5] Եւ Աբրամ իր կինը Սարան ու իր եղբօրորդին Ղովտը եւ իրենց բոլոր ստացուածքը եւ Խառանի մէջ իրենց ստացած ծառաները առնելով՝ ելան որ Քանանի երկիրը երթան։ Քանանի երկիրը հասան։ [6] Աբրամ այն երկրէն մինչեւ Սիւքէմի տեղը, մինչեւ Մօրէի կաղնին անցաւ։ Այն ատեն Քանանացիներ կային այն երկրին մէջ։ [7] Տէրը երեւցաւ Աբրամին ու ըսաւ. «Քու սերունդիդ պիտի տամ այս երկիրը»։ Աբրամ հոն սեղան շինեց Տէրոջը, որ իրեն երեւցաւ։ [8] Անկէ դէպի Բեթէլի արեւելեան կողմը եղող լեռը չուեց ու իր վրանը բացաւ, Բեթէլը արեւմտեան կողմը ու Գային արեւելեան կողմը ունենալով եւ հոն Տէրոջը սեղան շինեց ու Տէրոջը անունը կանչեց։ [9] Աբրամ միշտ դէպի հարաւ կը չուէր։ [10] Այն երկրին մէջ սով եղաւ եւ Աբրամ Եգիպտոս իջաւ հոն պանդխտանալու համար. վասն զի այն երկրին մէջ սովը սաստիկ էր։ [11] Երբ Եգիպտոս մտնելու մօտեցաւ, իր կնոջ Սարային ըսաւ. «Ահա գիտեմ որ դուն գեղեցիկ տեսքով կին մըն ես [12] Եւ թերեւս, երբ Եգիպտացիները քեզ տեսնեն, ըսեն. ‘Ասիկա անոր կինն է’ ու զիս մեռցնեն, բայց քեզ ողջ թողուն։ [13] Շնորհք ըրէ՛, ըսէ՛ թէ դուն իմ քոյրս ես. որ քու պատճառովդ ինծի աղէկ ըլլայ ու քու պատճառովդ իմ անձս ապրի։ [14] Եւ երբ Աբրամ Եգիպտոս մտաւ, Եգիպտացիները տեսան կինը, որ շատ գեղեցիկ էր։ [15] Փարաւոնին իշխաններն ալ տեսան ու գովեցին զանիկա Փարաւոնին առջեւ եւ կինը Փարաւոնին տունը տարուեցաւ։ [16] Եւ անոր համար Աբրամին հետ լաւ վարուեցան ու Աբրամ ոչխարներ ու արջառներ եւ էշեր ու ծառաներ եւ աղախիններ ու էգ էշեր եւ ուղտեր ստացաւ։ [17] Բայց Տէրը մեծ հարուածներով զարկաւ Փարաւոնը ու անոր տունը՝ Աբրամի կնոջ Սարային համար։ [18] Փարաւոն կանչեց Աբրամը ու ըսաւ. «Այս ի՞նչ է, որ ինծի ըրիր. ինչո՞ւ ինծի չյայտնեցիր թէ ասիկա քու կինդ է. [19] Ինչո՞ւ համար ‘Ասիկա քոյրս է’, ըսիր եւ քիչ մնաց որ զանիկա ինծի կին պիտի առնէի. բայց հիմա ահա կինդ. ա՛ռ ու գնա՛»։ [20] Եւ Փարաւոն իր մարդոցը պատուիրեց, որ զանիկա իր կնոջ ու իր բոլոր ստացուածքով ապահով ղրկեն։
[1] «Զգոյշ եղէք որ ձեր ողորմութիւնը մարդոց առջեւ չընէք՝ անոնց երեւնալու համար, եթէ ոչ՝ վարձք չէք առներ ձեր Հօրմէն որ երկինքն է։ [2] Ուստի երբ ողորմութիւն կ’ընես, առջեւդ փող մի՛ հնչեցներ, ինչպէս կեղծաւորները ժողովարաններուն ու փողոցներուն մէջ կ’ընեն, որպէս զի մարդոցմէ փառաւորուին. ճշմարիտ կ’ըսեմ քեզի. ‘Անոնք իրենց վարձքը առած կ’ըլլան’։ [3] Իսկ դուն երբ ողորմութիւն կ’ընես, ձախ ձեռքդ թող չգիտնայ աջ ձեռքիդ ինչ տալը, [4] Որպէս զի քու ողորմութիւնդ գաղտուկ ըլլայ եւ քու Հայրդ որ գաղտուկը կը տեսնէ, քեզի յայտնապէս հատուցում պիտի ընէ։ [5] Ու երբ աղօթք կ’ընես, կեղծաւորներուն նման մի՛ ըլլար, որոնք կը սիրեն ժողովարաններուն մէջ ու հրապարակներուն անկիւնները կայնելով աղօթք ընել, որպէս զի մարդոց երեւնան. ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի, Անոնք իրենց վարձքը առած կ’ըլլան։ [6] Իսկ դուն երբ աղօթք կ’ընես, մտիր քու ներքին սենեակդ ու դուռդ գոցէ եւ աղօթք ըրէ քու Հօրդ որ գաղտուկ տեղ կը գտնուի եւ քու հայրդ որ գաղտուկը կը տեսնէ, քեզի յայտնապէս հատուցում պիտի ընէ։ [7] Երբ աղօթք կ’ընէք, հեթանոսներուն պէս շատախօս մի՛ ըլլաք, վասն զի կը կարծեն թէ իրենց շատ խօսելուն համար պիտի լսուին։ [8] Ուրեմն անոնց մի՛ նմանիք, վասն զի ձեր Հայրը ձեզի պէտք եղածը գիտէ՝ դեռ դուք իրմէ չխնդրած»։ [9] Ուստի այսպէս աղօթք ըրէք դուք. «Ով Հայր մեր որ երկինքն ես, քու անունդ սուրբ ըլլայ. [10] Քու թագաւորութիւնդ գայ. քու կամքդ ըլլայ ինչպէս երկինքը՝ նոյնպէս երկրի վրայ. [11] Մեր ամէն օրուան հացը այսօր ալ մեզի տուր, [12] Մեզի ներէ մեր պարտքերը ինչպէս մենք ալ կը ներենք մեր պարտականներուն. [13] Ու մեզ փորձութեան մի տանիր, հապա չարէն մեզ ազատէ. քանզի քուկդ է թագաւորութիւնը եւ զօրութիւնը ու փառքը յաւիտեանս։ Ամէն»։ [14] «Վասն զի եթէ դուք ներէք մարդոց իրենց յանցանքները, ձեր երկնաւոր Հայրն ալ ձեզի պիտի ներէ. [15] Իսկ եթէ դուք չներէք մարդոց իրենց յանցանքները, ձեր Հայրն ալ ձեզի պիտի չներէ ձեր յանցանքները»։ [16] «Երբ ծոմ կը պահէք, կեղծաւորներուն պէս տրտումերես մի՛ ըլլաք. քանզի իրենց երեսները կ’աւրեն որպէս զի մարդոց երեւնան թէ ծոմ կը պահեն. ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի. ‘Անոնք իրենց վարձքը առած կ’ըլլան’։ [17] Բայց դուն երբ ծոմ կը պահես, գլուխդ օծէ ու երեսդ լուա, [18] Որպէս զի մարդոց ծոմ պահողի պէս չերեւնաս, հապա քու Հօրդ՝ որ գաղտուկ տեղ կը գտնուի ։ Քու հայրդ որ գաղտուկը կը տեսնէ, քեզի հատուցում պիտի ընէ»։ [19] Երկրի վրայ ձեզի գանձեր մի դիզէք, ուր ցեցը ու ժանգը կ’ապականեն, ուր գողերը պատ կը ծակեն ու կը գողնան. [20] Հապա ձեզի գանձեր դիզեցէք երկինքը, ուր ո՛չ ցեցը եւ ո՛չ ժանգը կ’ապականեն ու ո՛չ գողերը պատ կը ծակեն եւ կը գողնան։ [21] Քանզի ձեր գանձը ուր որ է, սրտերնիդ ալ հոն պիտի ըլլայ։ [22] Մարմնին ճրագը աչքն է, ուրեմն եթէ քու աչքդ պարզ է, բոլոր մարմինդ լուսաւոր կ’ըլլայ։ [23] Բայց եթէ քու աչքդ վատ է, բոլոր մարմինդ մութ կ’ըլլայ. ուրեմն եթէ քու մէջդ եղած լոյսը խաւար է, ալ այն խաւարը ո՜րչափ է։ [24] Մարդ մը չի կրնար երկու տիրոջ ծառայութիւն ընել. վասն զի կա՛մ մէկը պիտի ատէ եւ միւսը սիրէ, կա՛մ մէկուն պիտի յարի՝ ՝ եւ միւսը պիտի արհամարհէ. չէք կրնար ծառայել Աստուծոյ ու մամոնային։ [25] Ուստի կ’ըսեմ ձեզի. «Հոգ մի՛ ընէք ձեր կեանքին համար թէ ի՛նչ պիտի ուտէք, կամ ի՛նչ պիտի խմէք. ոչ ալ ձեր մարմիններուն համար թէ ի՛նչ պիտի հագնիք. չէ՞ որ կեանքը կերակուրէն աւելի է ու մարմինը հագուստէն։ [26] Նայեցէք երկնքի թռչուններուն, որոնք ո՛չ կը սերմանեն եւ ո՛չ կը հնձեն, ո՛չ ամբարի մէջ կը ժողվեն, բայց ձեր երկնաւոր Հայրը կը կերակրէ զանոնք։ Չէ՞ որ դուք անոնցմէ լաւ էք։ [27] Հիմա ձեզմէ ո՞վ կրնայ իր հոգ ընելովը իր հասակին վրայ կանգուն մը աւելցնել։ [28] Ու հագուստի համար ինչո՞ւ հոգ կ’ընէք. նայեցէք դաշտի շուշաններուն, ի՞նչպէս կ’աճին։ Ո՛չ կ’աշխատին եւ ո՛չ կը մանեն. [29] Բայց ձեզի կ’ըսեմ թէ Սողոմոն ալ իր բոլոր փառաւորութեանը մէջ անոնցմէ մէկո՛ւն պէս չհագուեցաւ։ [30] Ուստի եթէ դաշտի խոտը, որ այսօր կայ եւ վաղը փուռը կը ձգուի, Աստուած այնպէս կը հագուեցնէ, հապա որչա՜փ աւելի ձեզ, թե՛րահաւատներ։ [31] Ուրեմն հոգ մի՛ ընէք՝ ըսելով. ‘Ի՞նչ պիտի ուտենք, կամ ի՞նչ պիտի հագնինք’։ [32] (Քանզի այդ բոլոր բաները հեթանոսները կը խնդրեն). վասն զի ձեր երկնաւոր Հայրը գիտէ՝ թէ այդ բոլոր բաները ձեզի պէտք են։ [33] Բայց առաջ խնդրեցէք Աստուծոյ թագաւորութիւնը եւ անոր արդարութիւնը ու այդ բոլոր բաներն ալ ձեզի պիտի տրուին։ [34] Ուստի վաղուան համար հոգ մի ընէք, վասն զի վաղուան օրը իրեն համար հոգ պիտի ընէ. հերիք է օրուան իր նեղութիւնը»։
[1] «Եթէ քու Տէր Աստուծոյդ խօսքը ուշադրութեամբ մտիկ ընելով՝ զգուշութեամբ գործադրես անոր բոլոր պատուիրանքները, որոնք ես այսօր քեզի կը յայտնեմ, քու Տէր Աստուածդ երկրի բոլոր ազգերէն աւելի պիտի բարձրացնէ քեզ։ [2] Եւ եթէ քու Տէր Աստուծոյդ խօսքին հնազանդիս, այս բոլոր օրհնութիւնները քու վրադ պիտի հասնին։ [3] Քաղաքի մէջ օրհնեալ ու դաշտի մէջ օրհնեալ պիտի ըլլաս։ [4] Քու որովայնիդ պտուղը, քու երկրիդ պտուղը, քու անասուններուդ պտուղը, կովերուդ ծնունդը ու ոչխարներուդ հօտերը օրհնեալ պիտի ըլլան։ [5] Քու կողովդ ու տաշտդ օրհնեալ պիտի ըլլան։ [6] Մտած ատենդ օրհնեալ ու ելած ատենդ օրհնեալ պիտի ըլլաս։ [7] Տէրը քու առջեւէդ ջարդել պիտի տայ քու բոլոր թշնամիներդ։ Անոնք քեզի դէմ մէկ ճամբով պիտի ելլեն եւ քու առջեւէդ եօթը ճամբով պիտի փախչին։ [8] Տէրը քու շտեմարաններուդ ու բոլոր ձեռքի գործերուդ մէջ օրհնութիւն պիտի ղրկէ քեզի եւ քու Տէր Աստուծոյդ քեզի տուած երկրին մէջ քեզ պիտի օրհնէ։ [9] Եթէ քու Տէր Աստուծոյդ հրամանները պահելով՝ անոր ճամբաներուն մէջ քալես, Տէրը քեզ իրեն իբր սուրբ ժողովուրդ պիտի հաստատէ, ինչպէս երդում ըրաւ։ [10] Երկրի բոլոր ժողովուրդները պիտի տեսնեն թէ Տէրոջը անունով կը կոչուիս ու քեզմէ պիտի վախնան։ [11] Տէրը բարիքներով քեզ պիտի լեցնէ, քու որովայնիդ պտուղը, քու անասուններուդ պտուղը ու քու երկրիդ պտուղը շատցնելով այն երկրին մէջ, որ Տէրը քու հայրերուդ երդում ըրաւ քեզի տալու։ [12] Տէրը իր բարութեան գանձը, այսինքն երկինքը, քեզի պիտի բանայ, որպէս զի քու երկրիդ անձրեւը ժամանակին տայ ու քու ձեռքիդ բոլոր գործերը օրհնէ եւ դուն շատ ազգերու փոխ պիտի տաս, բայց դուն փոխ պիտի չառնես։ [13] Տէրը ժողովուրդներու գլուխ պիտի ընէ քեզ եւ ո՛չ թէ՝ պոչ։ Դուն միշտ պիտի բարձրանաս ու բնաւ վար պիտի չիջնես, եթէ քու Տէր Աստուծոյդ պատուիրանքները մտիկ ընելով պահես ու կատարես, որոնք ես այսօր քեզի կը յայտնեմ։ [14] Օտար աստուածներու ետեւէն երթալու համար ու անոնց ծառայութիւն ընելու համար՝ աջ կողմը կամ ձախ կողմը մի՛ խոտորիր այն բոլոր խօսքերէն, որոնք ես այսօր քեզի կը յայտնեմ։ [15] «Բայց եթէ քու Տէր Աստուծոյդ խօսքին չհնազանդիս ու չպահես ու չընես անոր բոլոր պատուիրանքներն ու կանոնները, որոնք ես այսօր քեզի կը յայտնեմ, այն ատեն հետեւեալ անէծքները քու վրադ պիտի հասնին։ [16] Քաղաքի մէջ անիծեալ ու դաշտի մէջ անիծեալ պիտի ըլլաս։ [17] Քու կողովդ ու տաշտդ անիծեալ պիտի ըլլան։ [18] Քու որովայնիդ պտուղը, երկրիդ պտուղը, կովերուդ ծնունդը ու ոչխարներուդ հօտերը անիծեալ պիտի ըլլան։ [19] Քու մտած ատենդ անիծեալ ու քու ելած ատենդ անիծեալ պիտի ըլլաս։ [20] Տէրը քու բոլոր գործերուդ մէջ անէծք, տառապանք ու յանդիմանութիւն պիտի ղրկէ քեզի՝ քու չար գործերուդ ու զիս ձգելուդ համար, մինչեւ որ շուտով բնաջինջ ըլլաս ու կորսուիս։ [21] Տէրը քեզի ժանտախտ պիտի ղրկէ, մինչեւ որ քեզ հատցնէ այն երկրին վրայէն, ուր դուն պիտի մտնես զանիկա ժառանգելու համար։ [22] Տէրը քեզ պիտի զարնէ ծիւրական ախտով, հրատագնապ տենդով, ջերմով ու այրող տաքութիւնով, երաշտութեամբ, խորշակահարութեամբ ու արմտեաց դալուկով եւ ասոնք պիտի հալածեն քեզ, մինչեւ որ կորսուիս։ [23] Գլխուդ վրայի երկինքը պղնձէ ու տակդ եղած երկիրը երկաթէ պիտի ըլլայ։ [24] Տէրը անձրեւի տեղ հող ու փոշի պիտի տայ քու երկրիդ ու անոնք երկնքէն քու վրադ պիտի իջնեն, մինչեւ որ դուն բնաջինջ ըլլաս։ [25] Տէրը քու թշնամիներուդ առջեւ քեզ ջարդել պիտի տայ. անոնց դէմ մէկ ճամբով պիտի ելլես եւ երկրի բոլոր թագաւորութիւններուն մէջ թափառական պիտի ըլլաս։ [26] Քու մարմինդ երկնքի բոլոր թռչուններուն ու երկրի գազաններուն կերակուր պիտի ըլլայ եւ զանոնք վռնտող մը պիտի չըլլայ։ [27] Տէրը Եգիպտոսի պալարներով, թանչով, քոսոտութեամբ ու եռքով պիտի զարնէ քեզ, այնքան սաստիկ որ չկարենաս բժշկուիլ։ [28] Տէրը ապշութիւնով, կուրութիւնով ու սրտադողով պիտի զարնէ քեզ։ [29] Ինչպէս կոյրը խաւարի մէջ ձեռքով կը խարխափէ, դուն ալ կէս օրուան ատեն այնպէս պիտի խարխափես ու գործերուդ մէջ բարեբաղդութիւն պիտի չունենաս։ Միշտ զրկանք ու յափշտակութիւն պիտի կրես, բայց քեզ ազատող պիտի չըլլայ։ [30] Դուն կնոջ մը պիտի նշանուիս բայց անոր հետ ուրիշը պիտի պառկի։ Տուն պիտի շինես բայց անոր մէջ դուն պիտի չբնակիս։ Այգի պիտի տնկես բայց անոր խաղողը պիտի չհաւաքես. [31] Քու եզդ քու աչքիդ առջեւ պիտի մորթուի բայց դուն անկէ պիտի չուտես։ Քու էշդ քու առջեւէդ պիտի յափշտակուի բայց քեզի ետ պիտի չտրուի։ Հօտերդ քու թշնամիներուդ պիտի մատնուին բայց զանոնք ազատող պիտի չըլլայ։ [32] Քու տղաքներդ ու աղջիկներդ ուրիշ ժողովուրդին պիտի տրուին եւ աչքերդ պիտի տեսնեն ու բոլոր օրը անոնց համար ունեցած կարօտովդ պիտի նուաղիս բայց ձեռքդ պիտի չկրնայ օգնել ։ [33] Քու երկրիդ արդիւնքը ու քու բոլոր աշխատութիւնդ քեզի անծանօթ ժողովուրդ մը պիտի ուտէ եւ դուն ամէն օր միայն զրկանք ու ճնշում պիտի կրես։ [34] Աչքերուդ տեսած բաներէն պիտի խենդենաս։ [35] Տէրը քու ծունկերդ ու սրունքներդ ու ոտքիդ թաթէն մինչեւ գլխուդ գագաթը գէշ պալարներով պիտի զարնէ ու պիտի չկրնաս բժշկուիլ։ [36] Տէրը պիտի տանի քեզ եւ քու վրադ դրած թագաւորդ այնպիսի ազգի մը, որ ո՛չ դուն ճանչցած ես, ո՛չ ալ քու հայրերդ։ Հոն օտար աստուածներու, փայտի ու քարի, ծառայութիւն պիտի ընես։ [37] Դուն զարմանքի ու առակի եւ կատակի առարկայ պիտի ըլլաս այն բոլոր ժողովուրդներուն մէջ, ուր Տէրը քեզ պիտի տանի։ [38] Արտիդ մէջ շատ սերմ պիտի ցանես բայց քիչ արդիւնք պիտի հաւաքես. քանզի մարախները պիտի ուտեն զանիկա։ [39] Այգիներ պիտի տնկես ու խնամես բայց գինին պիտի չխմես ու խաղողը պիտի չհաւաքես. քանզի զանիկա որդերը պիտի ուտեն։ [40] Քու սահմաններուդ մէջ ձիթենիներ պիտի տնկես բայց իւղով պիտի չօծուիս. քանզի ձիթենիներդ իրենց պտուղը պիտի թափեն։ [41] Տղաքներ ու աղջիկներ պիտի ծնանիս բայց քուկդ պիտի չըլլան. քանզի անոնք գերութեան պիտի տարուին։ [42] Բոլոր ծառերդ ու երկրիդ պտուղները խառնիճը պիտի ուտէ։ [43] Ձեր մէջ եղող օտարականը քեզմէ գերազանց պիտի ըլլայ եւ շատ պիտի բարձրանայ բայց դուն շատ վար պիտի իջնես։ [44] Անիկա քեզի փոխ պիտի տայ, բայց դուն անոր փոխ պիտի չտաս. անիկա գլուխ պիտի ըլլայ բայց դուն պոչ պիտի ըլլաս։ [45] Այս բոլոր անէծքները քու վրադ պիտի գան, քեզ պիտի հալածեն ու քեզի պիտի հասնին, մինչեւ որ դուն բնաջինջ ըլլաս. որովհետեւ քու Տէր Աստուծոյդ խօսքին հնազանդութիւն չըրիր եւ քեզի հրամայած պատուիրանքներն ու կանոնները չպահեցիր։ [46] Եւ անոնք քու ու քու սերունդիդ վրայ նշան ու հրաշք պիտի ըլլան յաւիտեան։ [47] Քանի որ դուն ամէն բանի առատութեանը համար՝ ուրախութեամբ եւ յօժար սրտով քու Տէր Աստուծոյդ ծառայութիւն չըրիր, [48] Անոր համար դուն անօթութիւնով, ծարաւով, մերկութիւնով ու ամէն բանի կարօտութիւնով ծառայութիւն պիտի ընես քու թշնամիներուդ, որոնք Տէրը քու վրադ պիտի ղրկէ։ Քու պարանոցիդ վրայ երկաթ լուծ պիտի դնէ, մինչեւ որ բնաջինջ ընէ քեզ։ [49] Տէրը քու վրադ հեռուէն, երկրի ծայրէն, արծիւի թռչելուն պէս ազգ մը պիտի բերէ, այնպիսի ազգ մը, որուն լեզուն դուն չես հասկնար, [50] Պնդերես ազգ մը, որ ծերերուն պատիւ պիտի չընէ ու տղայոց վրայ գութ պիտի չունենայ։ [51] Անիկա քու անասուններուդ պտուղն ու երկրիդ պտուղը պիտի ուտէ, մինչեւ որ դուն բնաջինջ ըլլաս ու քեզի ցորեն, գինի, իւղ, կովերուդ ծնունդներն ու ոչխարներուդ հօտերը պիտի չթողու, մինչեւ որ քեզ բնաջինջ ընէ։ [52] Անիկա քու բոլոր քաղաքներուդ մէջ քեզ պիտի պաշարէ, մինչեւ որ կործանին քու բարձր ու ամուր պարիսպներդ, որոնց դուն ապաւիներ ես քու բոլոր երկրիդ մէջ։ Քեզ պիտի պաշարէ քու բոլոր քաղաքներուդ մէջ ու քու բոլոր երկրիդ մէջ, որ քու Տէր Աստուածդ քեզի տուաւ։ [53] Պաշարման ատեն եւ քու թշնամիիդ քեզ նեղը ձգած ատենը՝ քու որովայնիդ պտուղը, քու Տէր Աստուծոյդ քեզի տուած քու տղաքներուդ եւ աղջիկներուդ միսը պիտի ուտես։ [54] Ձեր մէջ քնքուշ ու խիստ փափուկ մարդը իր եղբօր ու իր ծոցի կնոջ եւ իր ողջ թողուցած որդիներուն ծուռ աչքով պիտի նայի, [55] Որպէս զի իր ուտելու որդիներուն միսէն անոնց մէկո՛ւն չտայ. քանզի պաշարման ատեն ու քու թշնամիիդ բոլոր քաղաքներուն մէջ քեզ նեղը ձգած ատենը, ուրիշ բան մը պիտի չմնայ անոր։ [56] Ձեր մէջ խիստ քնքուշ ու փափուկ եղող կինը, որ իր փափկութենէն ու քնքուշ ըլլալէն ետքը գետնի վրայ կոխելու սորված չէր, իր ծոցի էրկան, իր տղուն, իր աղջկան [57] Եւ իր ոտքերուն մէջտեղէն ելլող տղու ընկերին ու իր ծնած զաւակներուն ծուռ աչքով պիտի նայի. քանզի պաշարման ատեն ու քու թշնամիիդ քու քաղաքներուդ մէջ քեզ նեղը ձգած ատենը, ամէն բանի պակսելուն համար զանոնք ծածկաբար պիտի ուտէ։ [58] «Եթէ դուն այս գրքին մէջ գրուած օրէնքին բոլոր խօսքերը զգուշութեամբ չկատարես եւ ՔՈՒ ԵՀՈՎԱ ԱՍՏՈՒԾՄԷԴ եւ անոր պատուական ու ահաւոր անունէն չվախնաս. [59] Տէրն ալ անսովոր հարուածներով, մեծ ու երկարատեւ հարուածներով, գէշ ու երկայն հիւանդութիւններով պիտի զարնէ քեզ եւ քու սերունդդ։ [60] Եգիպտոսի բոլոր հիւանդութիւնները, որոնցմէ դուն կը վախնաս, քու վրադ պիտի բերէ ու անոնք քեզի պիտի փակչին։ [61] Նաեւ օրէնքներու գրքին մէջ չգրուած ամէն հիւանդութիւն ու ամէն հարուած Տէրը քու վրադ պիտի բերէ, մինչեւ որ դուն բնաջինջ ըլլաս։ [62] Քու Տէր Աստուծոյդ խօսքին հնազանդութիւն չընելուդ համար, դուք որ շատութեան կողմանէ երկնքի աստղերուն պէս էիք, խիստ սակաւաթիւ պիտի մնաք։ [63] Ինչպէս Տէրը ձեզի աղէկութիւն ընելով ու ձեզ շատցնելով ուրախացաւ, նոյնպէս ձեզ կորսնցնելով ու բնաջինջ ընելով ալ պիտի ուրախանայ եւ պիտի ջնջուիք այն երկրին վրայէն, ուր հիմա կ’երթաք զանիկա ժառանգելու։ [64] Տէրը երկրի մէկ ծայրէն մինչեւ միւս ծայրը բոլոր ժողովուրդներուն մէջ պիտի ցրուէ քեզ ու հոն ծառայութիւն պիտի ընես օտար աստուածներու, փայտի ու քարի, որոնք ո՛չ դուն ճանչցեր էիր, ո՛չ ալ քու հայրերդ։ [65] Այն ազգերուն մէջ հանգստութիւն պիտի չգտնես ու ոտքիդ թաթին հանգչելու տեղ պիտի չըլլայ։ Հոն Տէրը քեզի դողացող սիրտ, աչքի նուաղում ու հոգիի տրտմուիթւն պիտի տայ։ [66] Քու կեանքդ քու առջեւդ պիտի կախուի ու գիշեր ցորեկ պիտի վախնաս եւ քու կեանքդ ապահով պիտի չըլլայ [67] Ու սրտիդ ահուդողէն եւ աչքերուդ տեսած բաներէն, առաւօտուն պիտի ըսես. ‘Երանի՜ թէ իրիկուն ըլլար’ ու իրիկունն ալ պիտի ըսես. ‘Երանի՜ թէ առտու ըլլար’։ [68] Եւ Տէրը նաւերով Եգիպտոս պիտի դարձնէ քեզ այն ճամբով, որուն համար քեզի ըսի թէ զանիկա անգամ մըն ալ պիտի չտեսնես եւ հոն ծառաներ ու աղախիններ ըլլալու պիտի ծախուիք ձեր թշնամիներուն բայց ծախու առնող պիտի չըլլայ»։
Armenian Western Bible 1853
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ Bible Society in Lebanon, 1981