Բայց Աստուած աշխահիս յիմարները ընտրեց, որպէս զի ամօթով ընէ իմաստունները ու աշխարհիս տկարները ընտրեց, որպէս զի ամօթով ընէ զօրաւորները.
«Տղոց յանցանքին համար հայրերը մի՛ մեռցնէք ու հայրերուն յանցանքին համար տղաքը մի՛ մեռցնէք։ Ամէն մարդ իր յանցանքին համար պէտք է մեռցուի։
Այսօր երկինքն ու երկիրը վկայ կը բռնեմ ձեզի, որ կեանքն ու մահը, օրհնութիւնն ու անէծքը ձեր առջեւ դրի։ Ուրեմն կեանքը ընտրէ որպէս զի ապրիք՝ դուն եւ քու սերունդդ.
Բայց երբ Աստուած ուզեց, (որ որոշեց զիս իմ մօրս որովայնէն եւ իր շնորհքովը զիս կանչեց,)
«Ե՛ս եմ, ե՛ս եմ, որ քու յանցանքներդ ինծի համար կը ջնջեմ Ու քու մեղքերդ ա՛լ պիտի չյիշեմ։
Այսպէս կ’ըսէ Տէրը, քու Փրկիչդ Ու քեզ արգանդի մէջ Ստեղծողը. «Ե՛ս եմ Տէրը, որ բոլոր բաները ըրի։ Երկինքը միայն ե՛ս տարածեցի Ու երկիրը իմ ուժովս հաստատեցի։
Որով փրկութիւն ունինք մենք իր արեանը միջոցով, մեղքի թողութիւն՝ իր շնորհքին ճոխութեան չափովը,
Եւ Տէրը ըսաւ անոր. «Ո՞վ տուաւ մարդուն բերան, կամ ո՞վ ըրաւ համրը կամ խուլը կամ աչք ունեցողը կամ կոյրը. չէ՞ որ ես՝ Տէրս։
Բայց հիմա, ո՛վ Տէր, դուն մեր Հայրն ես։ Մենք կաւ ենք ու դուն մեր Բրուտն ես։ Ամէնքս քու ձեռքիդ գործն ենք։
Ճանչցէ՛ք թէ Եհովան է Աստուած. Անիկա ստեղծեց մեզ ու ո՛չ թէ մենք՝ ՝. Մենք անոր ժողովուրդը ու անոր արօտին ոչխարներն ենք։
Ահա տղաքը Տէրոջը ժառանգութիւնն են. Որովայնի պտուղը անոր պարգեւն է։
[6] Երբ անոնք հոն էին, անոր ծնանելու օրերը լեցուեցան, [7] Իր անդրանիկ որդին ծնաւ ու խանձարուրով փաթթեց եւ զանիկա մսուրին մէջ պառկեցուց, վասն զի իջեւանին մէջ իրենց տեղ չկար։
[3] Օրհնեալ է Աստուած եւ մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսին Հայրը, որ մեզ օրհնեց ամէն հոգեւոր օրհնութիւններով՝ երկնաւորներուն մէջ՝ Քրիստոսով. [4] Ինչպէս մեզ անով աշխարհի սկիզբէն առաջ ընտրեց, որպէս զի մենք սիրով սուրբ ու անարատ ըլլանք իր առջեւ։
[19] Չէ՞ք գիտեր որ ձեր մարմինները տաճար են Սուրբ Հոգիին, որ ձեր մէջն է, որ Աստուծմէ առած էք ու դուք ձեր անձին տէրը չէք. [20] Քանզի գնով ծախու առնուեցաք. ուստի փառաւորեցէ՛ք Աստուած ձեր մարմիններուն ու հոգիներուն մէջ, որոնք Աստուծոյ կը պատկանին։
[9] Վա՜յ անոր որ իր Արարիչին հետ կը վիճի, Թէեւ ինք երկրի խեցիներուն պէս խեցի մըն է՝ ՝. Միթէ կաւը զինք ձեւացնողին կրնա՞յ ըսել թէ ‘Ի՞նչ կը շինես’, Կամ քու գործդ կրնա՞յ քեզի ըսել թէ ‘Ձեռք չունիս’։ [10] Վա՜յ անոր որ իր հօրը կ’ըսէ. ‘Ի՞նչ կը ծնանիս’ Ու իր մօրը՝ ‘Ի՞նչ զաւակ կը բերես’»։ [11] Այսպէս կ’ըսէ Տէրը՝ Իսրայէլի Սուրբը ու անոր Արարիչը. «Գալու բաներուն վրայով ինծի հարցուցէ՛ք, Իմ որդիներուս համար ու իմ ձեռքերուս գործերուն համար, Ինծի պատուէր տուէ՛ք։
[22] Եթէ մարդիկ կռուին ու յղի կնոջ մը զարնուելով՝ անոր տղան անցընել տան, թէեւ ուրիշ վնաս մը չըլլայ, անիկա անշուշտ այն կնոջ էրկանը իր վրայ դրած տոյժը պիտի քաշէ, դատաւորներուն դատաստանին պէս հատուցանելով։ [23] Բայց եթէ վնաս մը ըլլայ, անձի տեղ անձ պիտի տաս, [24] Աչքի տեղ աչք, ակռայի տեղ ակռայ, ձեռքի տեղ ձեռք, ոտքի տեղ ոտք, [25] Խարանի տեղ խարան, վէրքի տեղ վէրք, հարուածի տեղ հարուած։
[13] Վասն զի դուն ստեղծեցիր իմ երիկամունքներս Ու իմ մօրս որովայնին մէջ դո՛ւն զիս ծածկեցիր։ [14] Կը գոհանամ քեզմէ, Որ ահաւոր ու զարմանալի կերպով ստեղծուեցայ։ Քու գործերդ զարմանալի են Ու իմ անձս աղէկ գիտէ։ [15] Իմ գոյութիւնս չծածկուեցաւ քեզմէ, Երբ գաղտուկ տեղը շինուեցայ, Երկրի խորութիւններուն մէջ ճարտարութեամբ կազմուեցայ՝ ՝։ [16] Քու աչքերդ իմ անկատար կազմուածքս տեսան Ու անդամներուս բոլորը քու գրքիդ մէջ գրուած էին, Որոնք ժամանակին պիտի կազմուէին, Երբ դեռ անոնցմէ մէկը չկար։
[41] Երբ Եղիսաբէթ Մարիամին բարեւը լսեց, մանուկը անոր որովայնին մէջ խաղաց ու Եղիսաբէթ Սուրբ Հոգիով լեցուեցաւ, [42] Եւ բարձր ձայնով մը կանչեց ու ըսաւ. «Օրհնեալ ես դուն կիներուն մէջ եւ օրհնեալ է քու որովայնիդ պտուղը։ [43] Այս ինծի ինչպէ՞ս եղաւ, որ իմ Տէրոջս մայրը ինծի եկաւ։ [44] Վասն զի ահա երբ քու բարեւիդ ձայնը ականջիս հասաւ, մանուկը որովայնիս մէջ խաղաց ուրախութենէն։
[1] Աստուած այս բոլոր խօսքերը ըսաւ. [2] «Ես եմ Եհովան, քու Աստուածդ, որ քեզ Եգիպտոսի երկրէն, ծառայութեան տունէն, հանեցի։ [3] Ինծմէ զատ ուրիշ աստուածներ չունենաս։ [4] Դուն քեզի կուռք չշինես, ո՛չ վերը երկնքի մէջ, ո՛չ վարը երկրի վրայ, կամ երկրի տակի ջուրերուն մէջ եղած բաներուն մէկ նմանութիւնը. [5] Անոնց երկրպագութիւն չընես ու զանոնք չպաշտես. վասն զի ես քու Տէր Աստուածդ նախանձոտ Աստուած եմ, որ կը հատուցանեմ հայրերուն անօրէնութիւնը որդիներուն, մինչեւ անոնց երրորդ ու չորրորդ ազգը՝ որ կ’ատեն զիս [6] Եւ կ’ողորմիմ անոնց մինչեւ հազար ազգը՝ որ կը սիրեն զիս ու իմ պատուիրանքներս կը պահեն։ [7] Տէրոջը, քու Աստուծոյդ, անունը պարապ տեղ բերանդ չառնես. վասն զի Տէրը իր անունը պարապ տեղ բերան առնողը անմեղ պիտի չսեպէ։ [8] Հանգստութեան օրը միտքդ բեր՝ զանիկա սուրբ պահելու համար։ [9] Վեց օր պիտի աշխատիս ու բոլոր գործդ ընես. [10] Բայց եօթներորդ օրը Տէրոջը, քու Աստուծոյդ, հանգստութեան օրն է. այն օրը գործ մը չգործես, ո՛չ դուն, ո՛չ քու որդիդ, ո՛չ քու աղջիկդ, ո՛չ քու ծառադ ու աղախինդ, ո՛չ քու անասունդ, ո՛չ ալ տանդ մէջ եղած օտարականը. [11] Քանզի Տէրը վեց օրուան մէջ ըրաւ երկինքն ու երկիրը, ծովը ու բոլոր անոր մէջ եղածները եւ եօթներորդ օրը հանգստացաւ. անոր համար Տէրը օրհնեց հանգստութեան օրը ու սրբեց զանիկա։ [12] Պատուէ՛ քու հայրդ ու մայրդ, որպէս զի քու օրերդ երկայն ըլլան այն երկրին վրայ, որ քու Տէր Աստուածդ կու տայ քեզի։ [13] Սպաննութիւն մի՛ ըներ։
Armenian Western Bible 1853
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ Bible Society in Lebanon, 1981